Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Նիկոլ Փաշինեան Հեռախօսազրոյց Ունեցած Էմանուէլ Մաքրոնի Հետ. Քննարկուած Է Լաչինի Միջնացքին Իրավիճակը

Նիկոլ Փաշինեան Հեռախօսազրոյց Ունեցած Էմանուէլ Մաքրոնի Հետ. Քննարկուած Է Լաչինի Միջնացքին Իրավիճակը

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:

Զրուցակիցները քննարկած են Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ծանր իրավիճակը:

Էմանուէլ Մաքրոն ընդգծած է Լաչինի միջանցքի անխափան գործունէութեան կարեւորութիւնը եւ նշած է Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը` շարունակելու նպաստել այդ խնդիրի լուծման:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, ԼՂ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան, Հայաստանի մէջ ԵՄ քաղաքացիական առաքելութեան գործունէութեան շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment