Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Գլխաւոր Դատախազը Սէյրան Օհանեանի Նկատմամբ Քրէական Հետապնդում Յարուցելուն Համաձայնութիւն Տալու Մասին Երեք Միջնորդագիր Ներկայացուցած Է ԱԺ Նախագահին

Գլխաւոր Դատախազը Սէյրան Օհանեանի Նկատմամբ Քրէական Հետապնդում Յարուցելուն Համաձայնութիւն Տալու Մասին Երեք Միջնորդագիր Ներկայացուցած Է ԱԺ Նախագահին

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեան, համաձայն «Ազգային Ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 108-րդ յօդուածի 1-ին կէտին, ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանին ներկայացուցած է ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար, ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարարի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելուն համաձայնութիւն տալու մասին երեք միջնորդագիր: Ըստ նոյն կէտի պահանջին` միջնորդագրին կցուած է նաեւ պատգամաւորին նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելուն համաձայնութիւն տալու մասին Ազգային Ժողովի որոշման նախագիծը:

Առաջին քրէական վարոյթով ձեռք բերուած փաստական տուեալներու համաձայն` ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարարը, օգտագործելով պաշտօնէական դիրքը կատարած է առանձնապէս մեծ չափերով վատնում (երկու դրուագ), ինչպէս նաեւ` անձնական այլ շահագրգռուածութենէ եւ խմբային շահերէ ելլելով, իր պաշտօնէական դիրքը օգտագործած է ծառայութեան շահերուն հակառակ, որ անզգուշութեամբ յառաջացուցած է ծանր հետեւանքներ (երկու դրուագ):

Երկրորդ քրէական վարոյթով ձեռք բերուած փաստական տուեալներու համաձայն` ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարարը, հանդիսանալով պաշտօնատար անձ, խմբային շահերէ ելլելով, պաշտօնէական դիրքը օգտագործած է ծառայութեան շահերուն հակառակ, նաեւ չէ կատարած ծառայողական պարտականութիւնները, որ անզգուշութեամբ յառաջացուցած է ծանր հետեւանքներ, ինչպէս նաեւ` վատնելու եղանակով յափշտակած է առանձնապէս մեծ չափերու գոյք:

Երրորդ քրէական վարոյթով ձեռք բերուած փաստական տուեալներու համաձայն` ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարարը վատնելու եղանակով յափշտակած է առանձնապէս մեծ չափերու գոյք:

ՀՀ Սահմանադրութեան 96-րդ յօդուածին համաձայն` պատգամաւորի նկատմամբ քրէական հետապնդում կրնայ յարուցուիլ միայն Ազգային Ժողովին համաձայնութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment