Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հնդկաստանը Կատարեալ Թեկնածու Է Հայաստանի «Սու-30» Կործանիչներու Կատարելագործման Համար. «Forbes»

Հնդկաստանը Կատարեալ Թեկնածու Է Հայաստանի «Սու-30» Կործանիչներու Կատարելագործման Համար. «Forbes»

by MassisPost

Լուրեր կը շրջանառուին, որ Հայաստանը «շահագրգռուած է», որ Հնդկաստանը զէնք մատակարարէ եւ կործանիչներու օդաչուներ պատրաստէ ռուսական արտադրութեան «Սու-30սմ» «ֆլանկեր» կործանիչներուն համար: Թէեւ նման պայմանաւորուածութիւնը առայժմ չէ հաստատուած, Նիւ Տելհին, անշուշտ, կրնայ զգալիօրէն բարելաւել հայկական այս ինքնաթիռները: Այս մասին կը գրէ «Forbes» ամսագիրը:

Յօդուածի հեղինակ Փօլ Իտոնը, որ կը զբաղի Մերձաւոր Արեւելքի ռազմական եւ քաղաքական հարցերու լուսաբանմամբ, կը գրէ, որ Հնդկաստանը ունի 272 «Սու-30մկի» «ֆլանկեր» կործանիչներու հսկայական պարկ, որոնց մեծ մասը արտօնագրով արտադրուած է Նիւ Տելհիի կողմէ: 20 տարի շարունակ այսքան մեծ քանակութեամբ կործանիչները շահագործելէ բացի, Հնդկաստանը նաեւ անոնց համար ձեռք բերած եւ մշակած է ահռելի քանակութեամբ ոչ-ռուսական սպառազինութիւն:

«Հնդկական «Su-30մկ»-ին ամբողջ աշխարհի մէջ գործարկուող «ֆլանկեր»-ներէն կ’առանձնացնէ այն, որ այն հիանալի կերպով կը համարկէ տարբեր զէնքեր եւ սենսըրներ ամբողջ աշխարհէն»,  Յունուարին տեղական լրատուամիջոցներուն ըսած է այդ կործանիչները գործարկող փորձառու հնդիկ օդաչուն:

Այս հրթիռները, մասնաւորապէս, կը ներառեն տեղական «BrahMos» գերձայնային թեւաւոր հրթիռի օդային տարբերակը, որ «Սու-30մկի»-ին կու տայ զգալի հակազդեցութեան հնարաւորութիւն, եւ «օդ-օդ» դասի «Astra» տեսանելիութենէն դուրս հրթիռը (BRAAM):

«Վերջին ամիսներուն Հնդկաստանի եւ Հայաստանի միջեւ պաշտպանական կապերը նկատելիօրէն աճած են: Երեւանը դարձած է հնդկական արտադրութեան «Pinaka» համազարկային կրակի համակարգի առաջին արտասահմանեան պատուիրատուն` 2022 թուականին պատուիրելով շուրջ 250 միլիոն տոլարի չորս մարտկոց: Բացի անկէ, երկու երկիրները մտահոգուած են Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Փաքիստանի միջեւ եռակողմ ռազմական կապերու աճով: Հետեւաբար, Հայաստանի «Սու-30»-ներու պարկի կատարելագործման ուղղութեամբ անոնց համագործակցութիւնը խելամիտ պիտի ըլլայ», կը նշուի յօդուածին մէջ:

Յօդուածին հեղինակը միեւնոյն ժամանակ կ’ենթադրէ, որ Երեւանը կրնայ վերապահումներ ունենալ այս օդանաւներուն մէջ աւելի շատ ներդրումներ ընելու առնչութեամբ:

Հայաստանը 2019 թուականին ձեռք բերած է չորս «Սու-30սմ»: Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը բարձր գնահատած է ժամանակակից կործանիչներու գնումը` յայտարարելով, որ երկիրը վերջապէս յառաջ կ’անցնի խորհրդային ժամանակաշրջանի աժան, ցած արհեստագիտական, օգտագործուած համակարգերու գնումներէն:

«Հայկական «ֆլանկեր»-ները գործի չեն դրուած Ատրպէյճանի դէմ 2020 թուականի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ամբողջ ընթացքին, քանի որ անոնք չունէին կարեւորագոյն սպառազինութիւն, մասնաւորապէս` ուղղորդուող «օդ-երկիր» դասի զինամթերք: Այդ կործանիչները չկառավարուող հրթիռներով մարտի ուղարկելը, անկասկած, պիտի յանգեցնէր կորուստներու եւ գրեթէ ոչ մէկ նկատելի օգուտ պիտի բերէր մարտի դաշտին մէջ», կը նշէ պարբերականը` յաւելելով, որ Ատրպէյճանը այդ պատերազմի ընթացքին ոչնչացուցած է հայկական հակաօդային պաշտպանութեան քանի մը համակարգեր` օգտագործելով իսրայէլեան արտադրութեան «Harop» անօդաչու թռչոք սարքեր:

Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ  Հայաստանը ի սկզբանէ յոյս ունէր ձեռք բերել առնուազն 12 «Սու-30սմ»: Առայժմ պարզ չէ, թէ արդեօք Հայաստանը ձեռք պիտի բերի՞ այս կործանիչներէն եւս 8 հատ` հաշուի առնելով նախկին փորձը: Միւս կողմէ, ունեցած չորս օդանաւները Ռուսիոյ ետ վաճառելը, ամենայն հաւանականութեամբ, նպատակայարմար պիտի չըլլայ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ ռազմական գործողութիւններու լոյսին ներքոյ: Անցեալ տարուան Մարտին Երեւանը արդէն հերքած էր լուրերը այն մասին, որ իր «ֆլանկեր»-ը ետ տեղափոխած է Մոսկուա` այդ պատերազմին օգտագործելու համար:

Յօդուածի հեղինակին համոզմամբ` Հայաստանի կողմէ «Սու-30»-ներու ձեռքբերումը Ատրպէյճանի համար պատրուակ պիտի ծառայէ` ձեռք բերելու Չինաստանի եւ Փաքիստանի համատեղ մշակած «JF-17 Thunder» կործանիչը, ինչ որ փափաքած է ընել տարիներ շարունակ:

«Չինական «PL-15 BVRAAM»-ով զինուած մէկ տասնեակ «JF-17 Block 3» կործանիչները զգալիօրէն պիտի զօրացնեն Ատրպէյճանի օդուժը եւ, հաւանաբար, պիտի զրկեն Հայաստանը այն առաւելութենէն, որ կրնան տալ «ֆլանկեր»-ները: Հետեւաբար, Երեւանը կրնայ համաձայնիլ միջին ինչ-որ բանի», կը նշէ Փօլ Իտոնը` յաւելելով, որ այդ կրնայ ըլլալ հնդիկ մասնագէտներու կողմէ արդէն իսկ առկայ չորս «ֆլանկեր»-ներու կատարելագործումը, որպէսզի անոնք որոշ չափով օգտակար դառնան Ատրպէյճանի հետ հերթական հնարաւոր պատերազմի պարագային:

Հնդիկ ճարտարապետները կրնան բարեփոխել օդանաւը, որպէսզի այն կարենայ կրել «Astra» եւ նոյնիսկ «BrahMos», ինչ որ հնարաւորութիւն պիտի տայ Հայաստանին հարուածներ հասցնելու Ատրպէյճանի խորքերը գտնուող թիրախներուն: Պաքուն արդէն արդիականացուցած է իր խորհրդային «Սու-25» «ֆրոկֆութ» գրոհային օդանաւները, որոնք, ի թիւս այլ բաներու, կրնան կրել թրքական արտադրութեան սպառազինութիւն, այդ շարքին` «SOM» հեռահար թեւաւոր հրթիռ:

«Նման պայմանաւորուածութիւնը կրնար օգնել Հայաստանին պահպանել դէմքը` ապացուցելով, որ «ֆլանկեր»-ի սկզբնական ձեռքբերումը լիակատար վատնում չէր` շնորհիւ այն եզակի հնարաւորութիւններուն, որոնք կրնայ տրամադրել Հնդկաստանը», կ’եզրափակէ յօդուածին հեղինակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment