Home Uncategorized Շարք Մը Սկզբունքային Հարցերու Մէջ Երեւանը Հակասական Դիրքորոշումներ Կը Յայտնէ. Զախարովա

Շարք Մը Սկզբունքային Հարցերու Մէջ Երեւանը Հակասական Դիրքորոշումներ Կը Յայտնէ. Զախարովա

by MassisPost

Մոսկուան կը պնդէ, որ շարք մը սկզբունքային հարցերու մէջ Երեւանը հակասական դիրքորոշումներ կը յայտնէ: «Մենք մէկ հարցի կամ մանրմասնութեան շուրջ չէ, որ կը տեսնենք հակասութիւններ. այդպիսի թեմաները քանի մը հատ են, եւ անոնք լուրջ թեմաներ են», յայտնած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:

«Մենք գնահատականներու միջեւ տարբերութիւն կը տեսնենք հարցերուն մէջ, որոնք լրջագոյն նշանակութիւն ունին ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ տարածաշրջանի անվտանգութեան համար», յաւելած է ան:

«Ես ասել եմ, որ պատրաստ ենք Ռուսաստանի առաջարկած բանաձեւի հիման վրայ ստորագրել փաստաթուղթ, եւ այսօր էլ վերահաստատում եմ դա», երկու օր առաջ լրագրողներու հետ հանդիպման նշած էր Նիկոլ Փաշինեանը:

Մոսկուայէն արձագանգած են նաեւ Փաշինեանի այս յայտարարութեան, թէ պատրաստ է ընդունելու ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորման ռուսական տարբերակը: «Պաշտօնական Երեւանի յայտարարութիւնները նոյն հարցին վերաբերեալ էապէս կը տարբերին»,- ըսած է Մարիա Զախարովան: – «Հայաստանի վարչապետը խօսած է ե՛ւ ռուսական առաջարկութիւններու հիման վրայ փաստաթուղթ ստորագրելու մտադրութեան, ե՛ւ միաժամանակ հակամարտութեան ինչ-որ «համապարփակ լուծման» նախընտրելիութեան մը մասին, որ կ՛առաջադրէ Արեւմուտքը: Մենք 24-ժամեայ շփման մէջ ենք կողմերուն հետ, եւ կը փորձենք հայկական կողմէ, լիազօրութիւններով օժտուած համապատասխան անձերէ յստակացնել, թէ որ տեսակէտը կը պաշտպանեն: Հարցերը սկզբունքային են, հետեւաբար դիրքորոշումները եւս պէտք է յստակ ձեւակերպուին: Հնարաւոր է` որոշ շեղումներով, հնարաւոր է` որոշ վերապահումներով, բայց գնահատականը պէտք է ձեւակերպուի առանց անոր սկզբունքային հիմքերու փոփոխութեան»:

Զախարովան յիշեցուցած է նաեւ, որ Երեւանը չեղարկեց Մոսկուայի մէջ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներուն հանդիպումը, ինչ որ Մոսկուայի առաջարկն էր: Ըստ անոր, այդ հանդիպման տապալման պատճառով չեն քննարկուած հրատապ հարցեր, այդ շարքին Լաչինի միջանցքին մէջ ստեղծուած իրավիճակը:

«Եթէ հայ գործընկերները իսկապէս շահագրգռուած են նշուած խնդիրները լուծելու բարձր մակարդակով, եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու համալիր իրականացման հունով, ապա անհրաժեշտ է շարունակել համատեղ աշխատանքը», – ըսած է Զախարովան` ընդգծելով, որ այստեղ կարեւոր է համատեղ բառը: – «Մեր դիրքորոշումը հիմնուած է ոչ թէ փոփուլիզմի, այլ յստակ քայլերու վրայ, որոնք թէ’ միջազգային հիմքեր ունին, թէ’ մեր կողմէ առանձնացուած միջոցներ, եւ որ շատ կարեւոր է` մասնակից բոլոր կողմերուն համաձայնութիւնը: Եթէ կան համաձայնութիւններ, պէտք է անոնց հետեւիլ, կամ հրապարակաւ ազնիւ ըսել, որ դիրքորոշումները փոխուած են»:

Ան կոչ ըրած է Փաշինեանին հայ ժողովուրդին ազնուօրէն պատմելու իր պայմանաւորուածութիւներուն մասին:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment