Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Կութերեշ Կոչ Կ՛ընէ Ապահովելու Լաչինի Միջանցքով Ազատ Ու Անվտանգ Տեղաշարժը

Կութերեշ Կոչ Կ՛ընէ Ապահովելու Լաչինի Միջանցքով Ազատ Ու Անվտանգ Տեղաշարժը

by MassisPost

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ կը վերահաստատէ իր կոչը`  ապահովելու Լաչինի միջանցքով ազատ ու անվտանգ տեղաշարժը: Այս մասին ըսաւ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի խօսնակ Սթեֆան Տիւժարիքը:

«Գլխաւոր քարտուղարը ներկայ իրավիճակին վերաբերեալ իր մտահոգութիւնները յայտնած է 2022 թուականի Դեկտեմբեր 14-ի իր յայտարարութեան մէջ: Այս մտահոգութիւնները Քարտուղարութեան կողմէ բարձրաձայնուած են նաեւ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 20-ին Հայաստանի հայցով հրաւիրուած Անվտանգութեան Խորհուրդի արտակարգ նիստի ընթացքին: Գլխաւոր քարտուղարը կը վերահաստատէ իր կոչերը` ապամագլցողութեան ենթարկել լարուածութիւնը եւ ապահովել միջանցքով ազատ ու անվտանգ տեղաշարժը` հաճաձայն աւելի վաղ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն, ան իր աջակցութիւնը կը յայտնէ միջնորդական ջանքերուն», «Արմենփրես»-ի հարցման ի պատասխան նշեց Տիւժարիքը` անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքը արդէն չորս շաբաթէ փակ պահելու փաստին, ինչի հետեւանքով իրական մարդասիրական ճգնաժամ սկսած է Արցախի մէջ, ուր շուրջ 120 հազար բնակիչ յայտնուած են շրջափակման մէջ:

«ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութիւնները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ կը շարունակեն բաց պահել կապը իշխանութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ ու պատրաստ են արձագանգելու, եթէ ըլլայ դիմում եւ թոյլ տան պայմանները», յայտնեց ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին խօսնակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment