Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ներդրումները Կը Դիրքաւորեն Հայաստանը». Orion Summit 2023-ը Տեղի Պիտի Ունենայ Յունիսին` Նիւ Եորքի Մէջ

Ներդրումները Կը Դիրքաւորեն Հայաստանը». Orion Summit 2023-ը Տեղի Պիտի Ունենայ Յունիսին` Նիւ Եորքի Մէջ

by MassisPost

Orion Summit 2023-ը տեղի պիտի ունենայ աշխարհի ֆինանսական կեդրոնին` Նիւ Եորք քաղաքին մէջ, Յունիս 19-22-ին, «Ներդրումները կը դիրքաւորեն Հայաստանը» խորագրով: Միջոցառումը պիտի տեւէ 4 օր, պիտի ընդգրկէ գագաթաժողովը եւ այցելութիւններ աշխարհի մեծագոյն ֆինանսական, արհեստագիտական ընկերութիւններ, համալսարաններ, ֆոնտեր, ընտանեկան գրասենեակներ, հանդիպումներ ու քննարկումներ նորարարութիւններու եւ ներդրումներու մասին:

Գագաթաժողովի կազմակերպչական աշխատանքներուն մեկնարկը ազդարարող տեսանիւթը հրապարակուած է Օրիոնի պաշտօնական հարթակներուն մէջ:

«Orion Summit 2022-ի յաջողութիւնը մեզի վստահութիւն տուաւ աւելի յաւակնոտ ծրագիրներ կազմելու եւ իրագործելու սթարթափ բնապահպանական համակարգերու եւ տնտեսութեան զարգացման համար: Այս տարի գագաթաժողովին նպատակն է ստեղծել դրամատնային ներդրումներու միջավայր եւ խթանել համաշխարհային գործընկերութիւնը` Հայաստանի մէջ միաձուլումներու եւ ձեռքբերումներու (M&A), ֆոնտերու եւ ընտանեկան գրասենեակներու զարգացման միջոցով», նշած է «Orion Worldwide Innovations Armenia»-ի համահիմնադիր, տնօրէն Տիանայ Արզումանեանը:

«Orion Summit 2023-ի առաքելութիւնն է խթանել նորարարութեան արագ աճը եւ դիրքաւորել Հայաստանն ու հայ ազգը` որպէս համաշխարհային տնտեսութեան եւ հասարակութեան բարեկեցութեան ազդեցիկ ուժ, ինչպէս նաեւ դիրքաւորել Հայաստանը աշխարհի մէջ` Թուային Ջուղա ցանցի գործունէութեան միջոցով: Մենք պատրաստ ենք համագործակցելու եւ այս ճանապարհը անցնելու պետական ու մասնաւոր ընկերութիւններու հետ», նշած է «Orion Worldwide Innovations»-ի հիմնադիր տնօրէն Էմմա Առաքելեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment