ՀՀ Զբօսաշրջային Կոմիտէն ներկայացուցած է 2022 թուականի Յունուար-Դեկտեմբեր ամիսներուն դէպի Հայաստան զբօսաշրջային այցելութիւնները:
2022 թուականի Դեկտեմբերին Հայաստան եկած զբօսաշրջիկներուն թիւը կազմած է 130 հազար մարդ, ինչ որ կը գերազանցէ 2021 թուականի նոյն ամսուան ցուցանիշը` 67 հազար մարդ:
Այս տարի երկրորդ անգամ ՀՀ-ն գերազանցեց 2019 թուականի այցելութիւնները ամսուայ կտրուածքով` արձանագրելով 130.429 այցելութիւն (2019 թուականի Դեկտեմբերին` 110.685 այցելութիւն):
Նախնական տուեալներով` 2022 թուականին ՀՀ-ն ունեցած է 1,67 միլիոն զբօսաշրջիկ: