Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Քննարկէ Կանանց Ժամկէտային Զինուորական Ծառայութիւն Անցընելու Հնարաւորութիւն Տալու Հարցը

ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Քննարկէ Կանանց Ժամկէտային Զինուորական Ծառայութիւն Անցընելու Հնարաւորութիւն Տալու Հարցը

by MassisPost

ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կը քննարկէ ՀՀ իգական սեռի քաղաքացիներուն կամաւոր ժամկէտային զինուորական ծառայութեան անցընելու հնարաւորութիւն ընձեռելու հարցը: «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցին այս մասին յայտնեց ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի քարտուղար Արամ Թորոսեանը` մեկնաբանելով ընկերային ցանցերուն մէջ տարածուող լուրը, որ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կը քննարկէ կանանց կամաւոր ժամկէտային զինուորական ծառայութիւն անցընելու հնարաւորութիւն ընձեռելու հարցը:

«Յաւելեալ որեւէ տեղեկութիւն այս պահին չեմ կարող յայտնել, միայն կարող եմ հաստատել, որ ՀՀ իգական սեռի քաղաքացիներին կամաւոր ժամկէտային զինուորական ծառայութեան անցընելու հնարաւորութիւն ընձեռելու հարց քննարկւում է», ըսաւ Թորոսեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment