Home Uncategorized Ռուսիա Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Լաչինի Միջանցքով Երթեւեկութեան Վերականգնման Գործով Յառաջընթացի Բացակայութեան Առնչութեամբ

Ռուսիա Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Լաչինի Միջանցքով Երթեւեկութեան Վերականգնման Գործով Յառաջընթացի Բացակայութեան Առնչութեամբ

by MassisPost

Ռուսիոյ Դաշնութիւնը մտահոգութիւն կը յայտնր, համաձայն Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան, երկու ուղղութիւններով քաղաքացիներու, փոխադրութեան միջոցներու եւ բեռներու տեղաշարժի համար Լաչինի միջանցքի լիարժէք գործունէութեան վերականգնման գործով յառաջընթացի բացակայութեան առնչութեամբ: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան, որ հրապարակուած է նախարարութեան պաշտօնական կայքէջին մէջ:

«Ռուսական կողմը, մասնաւորապէս, ռուս խաղաղապահ զօրախումբին ղեկավարութիւնը, կը շարունակէ հետեւողական քայլերու ձեռնարկել այս իրավիճակի կարգաւորման ուղղութեամբ:

Կ’ընդգծենք, որ նոյնինքն ռուս խաղաղապահները առանցքային ներդրում կ’ունենան իրենց տեղակայման գօտիին մէջ անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ, ինչ որ նշուած է Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն կողմէ 2022 թուականի Հոկտեմբեր 31-ին Սոչիի մէջ կայացած գագաթաժողովին: Մեր խաղաղապահներուն դէմ որեւէ հրապարակային յարձակում եւ սադրանք կը դիտարկենք որպէս անընդունելի եւ կանխամտածուած գործողութիւններ, որոնք զգալի վնաս կը հասցնեն հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման գործընթացին», նշած է Զախարովան:

Ռուսիան կոչ կ’ընէ Պաքուին եւ Երեւանին խստօրէն պահպանելու Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջնորդներու 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան բոլոր դրոյթները:

«Կը նշենք, որ Լաչինի միջանցքը պէտք է օգտագործուի միայն սոյն փաստաթուղթին մէջ նշուած նպատակներուն համար: Յոյսով ենք, որ կողմերը համաձայնութեան պիտի գան տարածաշրջանին մէջ հանքավայրերու շահագործման հարցին շուրջ:

Մենք կողմ ենք տարածաշրջանին մէջ ճանապարհային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման ուղղուած բարձր մակարդակի եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու ամբողջ համալիրի համակողմանի իրականացման, հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման, Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստման եւ երկու երկիրներու հասարակական գործիչներու, փորձագէտներու եւ խորհրդարանականներու միջեւ շփումներու հաստատման», եզրափակած է Զախարովան:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment