Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան Խօսքը` Ամանորի Առթիւ

ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան Խօսքը` Ամանորի Առթիւ

by MassisPost

2023 տարին կը դիմաւորենք բազում մարտահրաւէրներու ընդառաջ: Տօնական այս օրերուն, փոխան ջերմ եւ ուրախ տրամադրութիւններու, Արցախը արտաքին աշխարհին հետ կապող Լաչինի միջանցքը կը շարունակէ մնալ փակ՝ ամէն անցնող օր աւելի մեծցնելով մարդասիրական աղէտի հաւանականութիւնը:

Բնապահպանական մտահոգութեան կեղծ պատրուակի տակ քօղարկուած՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն այս անմարդկային քայլը կը միտի ընկճել եւ բարոյալքել արցախահայութիւնը, որ կը շարունակէ վճռակամ ու անկոտրում կամքով կառչած մնալ իր հողին ու հայրենիքին: Այս առիթով մեր ամբողջական նեցուկը կը յայտնենք արցախահայ մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն:

Դժբախտաբար նոյնն է պարագան նաեւ հայաստանեան ճակատին վրայ, երբ միայն խօսքերով խաղաղութեան ձգտող Ատրպէյճան չի դադրեցներ իր ոտնձգութիւնները Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ եւ կը շարունակէ բանտարկուած պահել հայ ռազմագերիները՝ փորձելով առաւելագոյն զիջումներ պարտադրել Հայաստանի Հանրապետութեան:

Յետպատերազմեան անցնող երկու տարիներուն ընթացքին Ատրպէյճանի տակաւ շարունակուող սադրիչ գործողութիւնները եւ անոնց նկատմամբ միջազգային ընտանիքին եւ մեր ռազմավարական դաշնակիցին հակազդեցութիւնը եկան անգամ մը եւս հաստատելու այն փաստը, որ մենք ենք մեր միակ ապաւէնը ու հայրենիքին սպառնացող վտանգները յաղթահարելու միակ գրաւականը մեր միասնականութիւնն է:

Միւս կողմէ, գոհունակութեամբ կ’արձանագրենք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող դրական տեղաշարժերը։ Տնտեսութեան բնագաւառէն ներս նկատելի աճը առիթ կու տայ կառավարութեան բարձրացնելու թոշակներն ու աշխատավարձերը` բարելաւելով կարիքաւոր խաւերուն ընկերային պայմանները։ Հետեւողական աշխատանք կը տարուի Հայոց Բանակը արհեստավարժ դարձնելու եւ նոր ու արդիական զինատեսակներով օժտելու ուղղութեամբ։ Փտածութիւնը (քորուպցիան) դադրած է համակարգային բնոյթ կրելէ, իսկ ժողովրդավարութիւնը աւելի ու աւելի խոր արմատներ կը նետէ երկրէն ներս։

Գալով Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներուն՝ ցաւով կ’արձանագրենք, որ

Սուրիոյ եւ Լիբանանի երբեմնի կենսունակ համայնքները կը շարունակեն նօսրանալ` իրենց ապրած երկիրներէն ներս տիրող քաղաքական ու տնտեսական ծանր պայմաններուն բերումով, սակայն ի գին ամէն զոհողութեան՝ տակաւին կը շարունակուի ազգային կեանքն ու նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան սրբազան գործը:

Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով մեր հայրենիքին եւ Արցախին կը մաղթենք խաղաղութիւն և բարեբերութիւն, իսկ մեր հայրենակիցներուն՝ առողջութիւն, երջանկութիւն և նորանոր յաջողութիւններ:

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւն

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment