Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ռուս Խաղաղապահները ՄԱԿ-ի Մանտաթով Օժտելու Համար Անհրաժեշտ Է Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Համաձայնութիւնը. Փեսքով

Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ռուս Խաղաղապահները ՄԱԿ-ի Մանտաթով Օժտելու Համար Անհրաժեշտ Է Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Համաձայնութիւնը. Փեսքով

by MassisPost

Քրեմլինը յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահները ՄԱԿ-ի մանտաթով օժտելու, ինչպէս նաեւ միջազգային ուժերու հնարաւոր ներգրաւման համար անհրաժեշտ է երկու հակամարտող կողմերու` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համաձայնութիւնը:

Լրագրողներու խնդրանքին` մեկնաբանելու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկը, Ռուսիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով պատասխանած է. «Միջազգային խաղաղապահները կրնան ներգրաւուիլ, եթէ ըլլայ հակամարտութեան երկու կողմերուն համաձայնութիւնը: Եւ սա ոչ միայն Հայաստանն է, այլեւ՝ Ատրպէյճանը»:

Քրեմլինի ներկայացուցիչը միաժամանակ նշած է. «Հայաստանը մեր ամենամօտ դաշնակիցներէն է, Ատրպէյճանը` մեր արժէքաւոր գործընկերը: Իսկ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը կը շարունակէ եւ պիտի շարունակէ իր միջնորդական ջանքերը` կատարելով առաջին հերթին այն պայմանաւորուածութիւնները, որոնք ձեռք բերուած են եռակողմ հիմքով»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment