Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ոեւէ Ռուս Պաշտօնեայ Երբեք Չէ Խօսած Միութենական Պետութեան Հայաստանի Միանալու Մասին. Զախարովա

Ոեւէ Ռուս Պաշտօնեայ Երբեք Չէ Խօսած Միութենական Պետութեան Հայաստանի Միանալու Մասին. Զախարովա

by MassisPost

Ռուսիոյ եւ Պելառուսիոյ միութենական պետութեան միանալու հարցով Հայաստանի վրայ ճնշում գործադրելու մասին լուրերը փաստերով հիմնաւորուած չեն եւ չեն համապատասխաներ իրականութեան: Այս մասին ճեպազրոյցի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:

Դիւանագէտը յայտնած է, որ եթէ նման յայտարարութիւններ կը կատարուին առանց փաստերու, եւ միեւնոյն ժամանակ կը նշեն երկիրը եւ պահանջներ կը ներկայացնեն անոր, ապա այդ պէտք է հիմնաւորել փաստերով:

«Կա՞ն փաստեր: Ինչպէ՞ս հարկադրուած է: Ինչպէ՞ս այդ տեղի ունեցած է… Ոեւէ ռուս պաշտօնեայ երբեք չէ խօսած միութենական պետութեան Հայաստանի միանալու մասին: Այս կարգի բոլոր յայտարարութիւններուն գնահատականներ տրուած են», ըսած է Զախարովան:

Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին Գործերու Նախարարութեան ներկայացուցիչը նշած է, որ նոյնը կարելի է ըսել այն լուրերու փիրին մէջ, թէ Մոսկուան Երեւանին կը պարտադրէ միջանցք տրամադրել Ատրպէյճանին:

«Սա կեղծիք է, որուն մասին նոյնպէս բազմիցս խօսուած է: Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան ղեկավարներու 2021 թուականի Յունուար 11-ի յայտարարութեան համաձայն` տարածաշրջանին մէջ բոլոր տնտեսական եւ ճանապարհային կապերու ապաշրջափակման հարցերով եռակողմ աշխատանքային խումբի ծիրին մէջ կը քննարկուին հաղորդակցութիւններու բացման տարբեր ուղիներ, այդ շարքին` Հայաստանի հարաւը երկաթուղային գծով երթեւեկութեան վերականգնման հետ կապուած հարցեր: Այս աշխատանքին սկզբունքներէն մէկը, որ չի վիճարկուիր ո՛չ Երեւանի, ո՛չ Պաքուի կողմէ, այն է, որ երթուղիներու նկատմամբ ինքնիշխանութիւնը կը պատկանի այն կողմին, որուն տարածքով անոնք կ՛անցնին», ընդգծած է Զախարովան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment