Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Տնտեսական Աշխուժութեան Ցուցանիշը 11 Ամսուան Մէջ Աճած Է 14.4 Տոկոսով

Հայաստանի Տնտեսական Աշխուժութեան Ցուցանիշը 11 Ամսուան Մէջ Աճած Է 14.4 Տոկոսով

by MassisPost

Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը 2022 թուականի Յունուար-Նոյեմբերին 14.4 տոկոսով աւելցած է նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի նկատմամբ:

Այս մասին կը վկայէ ՀՀ Վիճակագրական Կոմիտէի հրապարակած տուեալները:

Արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը այս տարուան Յունուար-Նոյեմբերին նախորդ տարուան Յունուար-Նոյեմբերի համեմատ աւելցած է 8.4 տոկոսով: Շինարարութեան ծաւալը այս տարի 11 ամսուան մէջ նախորդ տարուան նոյն ժամանակի համեմատ աւելցած է 13.9 տոկոսով:

Առեւտուրի շրջանառութեան մէջ Յունուար-Նոյեմբերին 2021-ի նոյն ժամանակահատուածի նկատմամբ  յաւելումը կազմած է 16.2 տոկոս:

2022 թուականի 11 ամսուան մէջ մատուցուած ծառայութիւններուն ծաւալը նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին նկատմամբ աւելցած է 28.2 տոկոսով:

Իսկ այս տարուան Յունուար-Նոյեմբերին սպառողական գիներու ցուցակը 2021-ի նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճած է 8.7 տոկոսով: Արդիւնաբերական արտադրանքի գիներու ցուցակը Յունուար-Նոյեմբերին 2021-ի 11 ամսուան համեմատ աճած է 2.9 տոկոսով:

Իսկ ելեկտրականութեան արտադրութեան ծաւալը Յունուար-Նոյեմբերին նախորդ տարուան նոյն ժամանակին համեմատ աւելցած է 16.8 տոկոսով:

Արտաքին առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներուն մէջ 2022-ի Յունուար-Նոյեմբերին նախորդ տարուան նոյն ժամանակին համեմատ արձանագրուած է 67.8 տոկոս աճ, ընդ որում արտահանումը աճած է 75.2 տոկոսով, իսկ ներմուծումը` 63.6 տոկոսով:

Դրամի փոխարժէքը ԱՄՆ տոլարին նկատմամբ Յունուար-Նոյեմբեր ամիսներուն կազմած է 439.40 դրամ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment