Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լեմքինի Հիմնարկի Համահիմնադիրը Ատրպէյճանի Դէմ Պատժամիջոցներու Կարիք Կը Տեսնէ` Կանխելու Հայերու Դէմ Հերթական Ցեղասպանութիւնը

Լեմքինի Հիմնարկի Համահիմնադիրը Ատրպէյճանի Դէմ Պատժամիջոցներու Կարիք Կը Տեսնէ` Կանխելու Հայերու Դէմ Հերթական Ցեղասպանութիւնը

by MassisPost

Քինի նահանգային քոլեճի Հոլոքոսթի եւ Ցեղասպանութեան Ուսումնասիրութեան Ամպիոնի պատուաւոր վարիչ, Ցեղասպանութեան Կանխարգիլման Լեմքինի Հիմնարկի համահիմնադիր Էլիզա վօն Ճոյտըն-Ֆորկին կը կարեւորէ միջազգային հանրութեան դերակատարութիւնը` ստիպելու Ատրպէյճանին հրաժարիլ Լեռնային Ղարաբաղի, Հայաստանի հայերու դէմ ցեղասպանական մտադրութիւններէն: Էլիզա վօն Ճոյտըն-Ֆորկին նման տեսակէտ յայտնեց «Արմենփրես»-ի հարցին ի պատասխան «Ընդդէմ Ցեղասպանութեան Յանցագործութեան» համաշխահրային համագումարի ծիրին մէջ:

Անդրադառնալով դիտարկման, որ Ատրպէյճանի նախագահը ցեղասպանութիւն կը նախատեսէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու դէմ եւ հարցին, թէ այս առումով ի՞նչ կրնայ ընել միջազգային հանրութիւնը` կանխելու նոր ցեղասպանութիւնը` ան ըսաւ, որ միջազգային հանրութիւնը կրնայ շատ աւելին ընել, քան արդէն ըրած է` կանխելու նոր ցեղասպանութիւնը: Էլիզա վօն Ճոյտըն-Ֆորկին ընդգծեց` ցեղասպանութիւնը կրնայ կանխուիլ:

«Ես կը կարծեմ, որ այժմ քայլեր ձեռնարկելը պիտի կանխէ հայերու դէմ հերթական ցեղասպանութիւնը: Առնուազն այս սպառնալիքները բաւարար են` հասկնալու, որ պէտք է գործողութիւններ ձեռնարկել: Հակառակ պարագային մեր բոլոր «այլեւս երբեքէ կարգախօսները փուչ կը դառնան: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ճնշում գործադրէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի վրայ, որ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան հասկնան, որ անպատժելիութեան պայմաններու մէջ չեն գործեր», ըսաւ ան:

Էլիզա վօն Ճոյտըն-Ֆորկին ընդգծեց, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է հասկցնէ, որ ցեղասպանական յարձակումը հայերու դէմ Արցախի, Հայաստանի կամ այլ վայրի մէջ, ուժգին պատասխան պիտի ստանայ, ծանր հետեւանքներ պիտի ըլլան` հայերու դէմ գործողութիւններու համար: Եւ այս ամբողջը պէտք է կատարուի դիւանագիտական ճանապարհով, սա համակարգուած ջանքեր կը պահանջէ:

«Աւելին` բոլոր այն պատերազմական դաժան յանցագործութիւնները, որոնք կատարուած են 2020-ին (44-օրեայ պատերազմի ընթացքին – Խմբ.) եւ 2022-ի Սեպտեմբերին, պէտք է քննուին միջազգային դատարաններու մէջ` որպէս ծանր յանցագործութիւններ: Այսպիսով մենք պէտք է հետամուտ ըլլանք այդ յանցանքներուն համար պատասխանատուութեան ենթարկելու հարցով: Կը կարծեմ, որ միջազգային հանրութիւնը կրնայ պատժամիջոցներ կիրառել Ատրպէյճանի դէմ, կը կարծեմ, որ որոշ կարեւոր երկիրներ, որոնք կը համագործակցին Ատրպէյճանի հետ, կրնան սպառնալ` չեղարկելու իրենց տնտեսական եւ ռազմական օգնութիւնը Ատրպէյճանին: Ես յոյսով եմ, որ աշխարհի մեծ տէրութիւնները սա շատ լուրջ պիտի ընդունին եւ ձեռնարկեն ամէն ինչ, դիւանագիտական ամբողջ գործիքակազմը պիտի կիրառեն` հասկցնելու Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին, որ անոնք պէտք է ետ կանգնին այն ցեղասպանական լեզուէն, որ անոնք կ’օգտագործեն` ահաբեկելու հայերը, սպառնալու հերթական ցեղասպանութեամբ», եզրափակեց ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment