Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Խումբ Մը Ատրպէյճանցիներ Փակած Են Ստեփանակերտ-Գորիս Մայրուղին, Վրաններ Տեղադրած Են

Խումբ Մը Ատրպէյճանցիներ Փակած Են Ստեփանակերտ-Գորիս Մայրուղին, Վրաններ Տեղադրած Են

by MassisPost

Քաղաքացիական հագուստներով խումբ մը ատրպէյճանցիներ, կրկին բնապահպանական պատճառաբանութեամբ, առաւօտեան շուրջ ժամը 10:30-ին փակած են Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղին: Արցախի տեղեկատուական շտաբը միջադէպին վերաբերեալ տեղեկացուցած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը:

«Անընդունելի համարելով ատրպէյճանական կողմի յարձակողական ու ապակառուցողական վարքը` Արցախի լիազօր պետական մարմինները ձեռնարկում են բոլոր հնարաւոր միջոցները իրավիճակի կարգաւորման ուղղութեամբ` կապ պահելով ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ շարժումը կը կատարեն բնապահպանական ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնները` դժգոհելով, որ նախօրէին իրենց Տրմպոնի եւ Գաշենի հանքավայրերուն մէջ դիտարկում կատարելու հնարաւորութիւն չէ տրուած: Անոնք հանդիպում պահանջած են ռուս խաղաղապահներու հրամանատար Անտրեյ Վոլքովի հետ:

Շարժումին մասնակիցները տարածքին մէջ` Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհին, վրաններ տեղադրած են:​

Աւելի վաղ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը յայտարարած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան հետ անցած շաբաթ տեղի ունեցած բանակցութիւններու արդիւնքներուն համաձայն` Դեկտեմբեր 10-էն ստուգումներ պիտի սկսին Մարտակերտի շրջանին մէջ գտնուող Տրմպոնի եւ Գաշենի հանքավայրերուն մէջ:

«Ընդդէմ Ցեղասպանութեան Յանցագործութեան» 4-րդ համաշխարհային համագումարին ժամանակ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները կ’ահազանգեն հաւանական ցեղասպանութեան սպառնալիքի մասին:

Լաչինի միջանցքը ցեղասպանութիւնը կանխարգելելու միջանցք է` շեշտեց Գործադիրի ղեկավարը` պարզաբանելով, որ փակել այդ միջանցքը, դադրեցնել այդ միջանցքին գործունէութիւնը, կը նշանակէ ԼՂ հայութիւնը դատապարտել ցեղասպանութեան երեք տարբեր սենարներով` հայաթափում, ինքնութեան կորուստ, բուն ֆիզիքական ոչնչացում:

Յայտարարութիւն տարածած է նաեւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը` շեշտելով, որ Ատրպէյճանը կը ձգտի Արցախի բնակչութեան ցեղային զտման ու հայրենազրկման:

Համոզմունք յայտնելով, որ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը, որպէս Արցախի ժողովուրդի ու ճանապարհի անվտանգութեան երաշխաւոր, պիտի կիրառէ բոլոր գործիքակազմերը` «կանխելու նման սադրանքները եւ պայմանաւորուածութիւններու խախտումները` ուղղուած Արցախի ժողովուրդի կենսական իրաւունքներուն եւ շահերուն դէմ», Արցախի նախագահը կարեւորած է նաեւ միջազգային հանրութեան այլ դերակատարներուն ընելիքները` ընդգծելով, որ «ատրպէյճանական կողմին գործողութիւնները կոպտօրէն կը խախտեն միջազգային իրաւունքի հանրայայտ կանոնները»:

Խնդիրին անդրադարած է նաեւ վարչապետի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էտմոն Մարուքեանը:

Լաչինի միջանցքը պէտք է գործէ սովորական կարգով, Թուիթըրով գրած է Մարուքեան` ատրպէյճանցիներու` ճանապարհը փակելու քայլը որակելով սադրանք եւ 2020 թուականի եռակողմ զինադադարի յայտարարութեան կոպիտ խախտում:

«Յուսանք, որ դա չի յանգեցնի մարդասիրական ճգնաժամի, եւ ողջախոհութիւնը կը յաղթի», գրած է Մարուքեան:

Արցախը Հայաստանին կապող միակ մայրուղին ատրպէյճանցիները փակած էին նաեւ մէկ շաբաթ առաջ` պատճառաբանելով, որ «Արցախի մէջ օգտակար հանածոները ապօրինի կը շահագործեն բնապահպանական վտանգներով»: Պաշտօնական Երեւանը Ատրպէյճանի բնապահպանական մեղադրանքները կապեց Լաչինի միջանցքը փակելու մտադրութեան հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment