Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Շոյկու. Հայաստանը Ռուսիոյ Առանցքային Ռազմավարական Գործընկերն Է Անդրկովկասի Մէջ

Շոյկու. Հայաստանը Ռուսիոյ Առանցքային Ռազմավարական Գործընկերն Է Անդրկովկասի Մէջ

by MassisPost

Հայաստանը Ռուսիոյ առանցքային ռազմավարական գործընկերն է Անդրկովկասի մէջ, յայտնած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն, Մոսկուայի մէջ հայաստանցի պաշտօնակից Սուրէն Պապիկեանի հետ հանդիպման ընթացքին:

Հանդիպումը կայացած է Շանկհայի Համագործակցութեան Կազմակերպութեան եւ ԱՊՀ երկիրներու պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարներու նիստի ծիրին մէջ:

«Հայաստանը մեր դաշնակիցն է ՀԱՊԿ-ի մէջ եւ առանցքային ռազմավարական գործընկերը՝ Անդրկովկասի մէջ: Մենք չափազանց շահագրգռուած ենք տարածաշրջանին մէջ կայունութեան պահպանման հարցով եւ անոր համար կը գործադրենք բոլոր ջանքերը: Մենք առանձնայատուկ կարեւորութիւն կու տանք երկկողմ համագործակցութեան զարգացման եւ Հայաստանի Զինուած Ուժերու ներուժը մեծցնելուն ուղղուած աջակցութեան», յայտնած է Ռուսիոյ ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարը:

Կը հաղորդուի, որ հանդիպման ընթացքին պաշտպանութեան գերատեսչութիւններու ղեկավարները քննարկած են միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան հետագայ ամրապնդումը, ստորագրած են իրենց գլխաւորած գերատեսչութիւններուն միջեւ 2023 թուականի համագործակցութեան ծրագիրը:

Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութեան փոխանցմամբ` ՇՀԿ եւ ԱՊՀ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներուն համատեղ հանդիպման ընթացքին Սուրէն Պապիկեանը ներկայացուցած է ատրպէյճանական վերջին ռազմական յարձակման հետեւանքով տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրադրութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment