Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանն Ու Թուրքիան Շուտով Կրնան Օդային Ուղիղ Բեռնափոխադրումներ Սկսիլ. Ռուբինեան

Հայաստանն Ու Թուրքիան Շուտով Կրնան Օդային Ուղիղ Բեռնափոխադրումներ Սկսիլ. Ռուբինեան

by MassisPost

Մեծ է հաւանականութիւնը, որ Հայաստանն ու Թուրքիան շուտով սկսին օդային ուղիղ բեռնափոխադրումներ, «Ազատութեան» յայտնեց Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ Հայաստանի յատուկ բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեանը:

«Վերջերս` Նոյեմբերի սկզբին տեղի ունեցած տեխնիկական հանդիպման ժամանակ քննարկուել է այդ թւում` այս պայմանաւորուածութեան իրագործումը, եւ այո՛, հաւանականութիւնը մեծ է, որ շատ շուտով այն կ’իրագործուի: Զերծ կը մնամ յստակ ժամկէտներ նշելուց, բայց հաւանականութիւնը շատ մեծ է, որ շուտով դա տեղի կ’ունենայ», ըսաւ Ռուբինեան:

Թրքական «Hurriyet Daily News»-ը, վկայակոչելով դիւանագիտական իր աղբիւրները, գրած էր, որ մեկնարկած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման երկրորդ փուլը, եւ հնարաւոր է, որ նոյնիսկ Ամանորէն առաջ արդէն սկսին փոխադարձ օդային փոխադրումներ, ինչպէս նաեւ բացուի Արմաւիրի մարզի սահմանին գտնուող Մարգարա-Ալիջանի սահմանային անցակէտը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար:

«Խօսքը հետեւեալի մասին է. այս պահի դրութեամբ ուղիղ օդային բեռնափոխադրումներ Թուրքիայի եւ Հայաստանի միջեւ երկու ուղղութիւններով էլ հնարաւոր չէ, խօսքը նրա մասին է, որ դա դառնայ հնարաւոր», ընդգծեց Ռուբէն Ռուբինեան:

«Գիտէք, որ մեր երկրորդ պայմանաւորուածութիւնը, կրկին Յուլիսին ձեռք բերուած, երրորդ երկրների քաղաքացիների համար ցամաքային սահմանը բացելու մասին էր, եւ դրա վերաբերեալ ինչը, որ պէտք է արուի հիմա, դա Մարգարայի կամրջի վիճակի ստուգումն է, որը մօտ ժամանակներս պէտք է տեղի ունենայ, եւ այդպէս կը շարժուի», յաւելեց ան:

1993 թուականէն փակ այս անցակէտի` մօտ 30 տարի պարապուրդի մատնուած կամուրջը իրօք նորոգման կարիք ունի, «Ազատութեան» յայտնեց Մարգարայի վարչական շրջանի ղեկավար էտկար Ենոքեանը:

«Կիսաբարւօք վիճակում է, այսինքն` կայ նորոգելու կարիք», նշեց Ենոքեան:

«Մարդ կայ գոհ է, որ կը բացուեն սահմանները, բնական լինի, մարդ կայ` չի ուզում, ասում է, որ «ուրիշ ոլորտով կը գնայ, մեր տները, մեր հողերը կը կորցնենք» եւ այլն: Ամէն մարդ մի ձեւ է մեկնաբանում էս հարցը: Այսինքն` գիւղում ունենք 350 տնտեսութիւն, 350 տնտեսութեան միտքն ու գաղափարը տարբեր են», ըսաւ Մարգարայի վարչական շրջանի ղեկավարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment