Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսայի Արտաքին Գործերու Նախարարը Հաստատած Է Հայաստանի Մէջ Տեղակայուած ԵՄ Դիտորդական Առաքելութեան Մանտաթը Երկարացնելու Անհրաժեշտութիւնը

Ֆրանսայի Արտաքին Գործերու Նախարարը Հաստատած Է Հայաստանի Մէջ Տեղակայուած ԵՄ Դիտորդական Առաքելութեան Մանտաթը Երկարացնելու Անհրաժեշտութիւնը

by MassisPost

Ֆրանսայի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Քաթրին Քոլոնան հաստատած է Հայաստանի մէջ տեղակայուած ԵՄ դիտորդական առաքելութեան մանտաթը երկարացնելու անհրաժեշտութիւնը․ այս մասին Թուիթըրով գրառում կատարած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նախկին դեսպան Ժոնաթան Լաքոթ:

«Նախարար Քոլոնան կը հաստատէ Հոկտեմբեր 20-էն Հայաստանի մէջ տեղակայուած ԵՄ դիտորդական առաքելութեան մանտաթը երկարացնելու անհրաժեշտութիւնը», գրած է Լաքոթ:

Ծերակոյտին մէջ` Դեկտեմբեր 6-ին, Կառավարութիւն-Ազգային Ժողով հարցուպատասխանի ժամանակ Ֆրանսա արտաքին գործերու նախարար Քոլոնան Հայաստանի մէջ տեղակայուած ԵՄ դիտորդական առաքելութեան մասին խօսելով՝ ըսած է․ «Այս առաքելութիւնը արդիւնաւէտօրէն սահմանափակած է մագլցողութեան վտանգները` վերահսկելով իրավիճակը սահմանին»:

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ առկայ հակամարտութեան, նախարարը ըսած է, որ «լարուածութիւնը կը մնայ բարձր»: Ապա վերահաստատած է Ֆրանսայի եւ Եւրոմիութեան աջակցութիւնը Հայաստանին եւ խոստացած է շարունակել ջանքերը խաղաղութեան վերադարձին համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment