Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սահմանադրական Բարեփոխումներու Խորհուրդը Ձայներու Մեծամասնութեամբ Կողմ Քուէարկած Է Խորհրդարանական Կառավարման Ձեւի Պահպանման Ու Բարելաւման Հարցին

Սահմանադրական Բարեփոխումներու Խորհուրդը Ձայներու Մեծամասնութեամբ Կողմ Քուէարկած Է Խորհրդարանական Կառավարման Ձեւի Պահպանման Ու Բարելաւման Հարցին

by MassisPost

Նոյեմբեր 30-ին տեղի ունեցած է Սահմանադրական Բարեփոխումներու Խորհուրդի եւ Յանձնաժողովի համատեղ հերթական նիստը:

Ինչպէս յայտնած են Արդարադատութեան Նախարարութենէն, նիստի օրակարգին մէջ էր Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարման ձեւի ընտրութեան հարցը:

Խորհուրդի անդամ Մասիս Մելքոնեանը ներկայացուցած է կառավարման նախագահական ձեւին անցնելու անհրաժեշտութիւնը եւ հիմնաւորումները:

Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովի անդամ Դաւիթ Յակոբեանը ներկայացուցած է խորհրդարանական կառավարման ձեւը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը եւ հիմնաւորումները:

Զեկուցումներէն յետոյ Խորհուրդի անդամներուն եւ զեկուցողներուն միջեւ տեղի ունեցած է հարցուպատասխան, Խորհուրդի անդամները հանդէս եկած են ելոյթներով:

Նիստի աւարտին Սահմանադրական Բարեփոխումներու Խորհուրդը` 8 կողմ, 1 դէմ, 1 ձեռնապահ ձայներու յարաբերակցութեամբ կողմ քուէարկած է խորհրդարանական կառավարման ձեւի պահպանման ու խորհրդարանական կառավարման ձեւի բարելաւման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment