Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Ատրպէյճանի Հետ Բանակցային Գործընթացը Փակուղային Չի Համարեր. Էտուարտ Աղաճանեան

Հայաստանը Ատրպէյճանի Հետ Բանակցային Գործընթացը Փակուղային Չի Համարեր. Էտուարտ Աղաճանեան

by MassisPost

Հայաստանը Ատրպէյճանի հետ բանակցային գործընթացը փակուղային չի համարեր: Լրագրողներւ հետ ճեպազրոյցին այս մասին ըսաւ Ազգային Ժողովի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի նախագահ Էտուարտ Աղաճանեանը` պատասխանելով հարցին, թէ արդեօ՞ք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` Դեկտեմբեր 7-ին նախատեսուած հանդիպման չեղարկումը կը խօսի բանակցային գործընթացը փակուղիի մէջ գտնուելու եւ սահմանային նոր բախումներու հնարաւորութեան մասին:

«Մենք չենք համարում, որ իրավիճակը փակուղային է: Ընդամէնը արձանագրել ենք, որ կար յստակ պայմանաւորուածութիւն, եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այդ պայմանաւորուածութիւնից հետ չի կանգնում: Ատրպէյճանի դիրքորոշումը եւ գործելակերպը այս տեսանկիւնից  նորութիւն չէ: Եղել են այլ դէպքեր եւս, երբ ատրպէյճանական կողմը հրաժարուել է նախնական պայմանաւորուածութեան համաձայն հանդիպումներին ներկայանալ, ինչը բնաւ դրական գործընթաց չէ, բայց մենք չենք համարում, որ գործընթացը փակուղային է», ըսաւ Աղաճանեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment