Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստանի Վարչապետն Ու Արտաքին Գործերու Նախարարը Ընդունած Են ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Ռուս Համանախագահը

Հայաստանի Վարչապետն Ու Արտաքին Գործերու Նախարարը Ընդունած Են ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Ռուս Համանախագահը

by MassisPost

Հայաստանը կը պաշտպանէ ռուսական կողմէ ընթացիկ տարուայն Օգոստոսին ներկայացուած առաջարկները, որոնք կրնան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հետագայ բանակցութիւններուն հիմք հանդիսանալ, յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի ռուս համանախագահ, հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման աջակցելու հարցերով Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւի հետ հանդիպման:

Փաշինեանն ու Խովաեւը  քննարկած են Սոչիի մէջ Հոկտեմբեր 31-ին տեղի ունեցած Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներուն եռակողմ հանդիպման արդիւնքներուն, հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին ու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին հետ կապուած հարցեր:

Իկոր Խովաեւին հանդիպած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ:

Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան փոխանցմամբ` անոնք եւս քննարկած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի հանգուցալուծման առնչուող վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ անդրադարձած են Հոկտեմբեր 31-ին Սոչիի մէջ կայացած Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու վերջին եռակողմ հանդիպման ու ընդունուած համատեղ յայտարարութեան:

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը շեշտած է ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառումէն զերծ մնալու կողմերուն յանձնառութեան կարեւորութիւնը` նշելով, որ «Ատրպէյճանը իր յարձակողական վարքագիծով եւ առաւելապաշտական նկրտումներով կը շարունակէ խոչընդոտել տարածաշրջանին մէջ կայուն ու երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատման»:

Արարատ Միրզոյեանը եւ Իկոր Խովաեւը միտքեր փոխանակած են նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման գործընթացին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի ճանապարհային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման վերաբերեալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment