Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մեր Համակիրները Մեզի Մանտաթ Տուած Են, Որ Շարունակենք Գործունէութիւնը ԱԺ-ի Մէջ. Սեյրան Օհանեան

Մեր Համակիրները Մեզի Մանտաթ Տուած Են, Որ Շարունակենք Գործունէութիւնը ԱԺ-ի Մէջ. Սեյրան Օհանեան

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանը կը համարէ, որ ընդդիմադիրները փողոցային պայքարի ընթացքին շատ կարեւոր գործ կատարած են, օրինակ` յառաջ բերած են իրենց համակիրներուն, ժողովուրդի պայքարի ոգին, միջազգային հանրութեան ցոյց տուած են, որ հայ ժողովուրդը ի վիճակի է շարունակելու պայքարիլ Հայաստանի ինքնութեան համար, իսկ հիմա համակիրները իրենց մանտաթ տուած են, որ գործունէութիւնը շարունակեն ԱԺ-ի մէջ: Օհանեան այս մասին ըսաւ ԱԺ-ի մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին` անդրադառնալով պոյքոթէ յետոյ ընդդիմութեան վերադարձին խորհրդարան:

«Մենք փողոցում, կարծում եմ, որ մէկ շատ կարեւոր գործ արեցին` յառաջացուցինք մեր համակիրների եւ մեր ժողովրդի պայքարի ոգին, երկրորդը` միջազգային հանրութեանը ցոյց տուեցինք, որ հայ ժողովուրդն ի վիճակի է շարունակել պայքարելու Հայաստանի ինքնութեան համար: Եւ երրորդը` եթէ ժամանակավրէպ ինչ-որ փաստաթղթեր պէտք է ստորագրուէին, մենք կանխարգելեցինք: Հիմա փողոցային գործընթացներն աւարտուել են, եւ մեր համակիրները մեզ մանտաթ են տուել, որ մենք շարունակենք մեր գործունէութիւնն ԱԺ-ում: Դրա համար մենք ԱԺ-ում շարունակելու ենք աշխատել այն օրակարգով, որը մեզ անհրաժեշտ է», ըսաւ Օհանեան:

Անդրադառնալով հարցին` գուցէ մտավախութիւն ունեցած են բացակայութիւններու պատճառով մանտաթէն զրկուելու եւ անոր համա՞ր կը վերադառնանն խորհրդարան` խմբակցութեան ղեկավարը ըսաւ. «Այդ մանտաթները մեզ տուել են մեր գաղափարակիցները` ՀՀ շուրջ 300 հազար քաղաքացիներ, եւ մենք պարտաւոր ենք այդ մանտաթը կրել եւ ժողովրդի կարծիքը, տեսակէտներն արտայայտել նաեւ ԱԺ-ում: Մեզ մօտ ոչ մի պատգամաւորի, այդ թւում ինձ համար մանտաթի, պատգամաւորական անձեռնմխելիութեան հետ կապուած ոչ մի մտավախութիւն չկայ»:

Ան կը կարծէ, որ եթէ իրենք պատգամաւոր են, ապա պէտք է այդ մանտաթները ամբողջութեամբ կիրառեն ժողովուրդին տեսակէտը արտայայտելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment