Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ 2020-ի Նոյեմբեր 9-էն ի Վեր Ատրպէյճանը Արցախահայերու Սպանութեան 54 Փորձ Կատարած Է․ Փաշինեան

2020-ի Նոյեմբեր 9-էն ի Վեր Ատրպէյճանը Արցախահայերու Սպանութեան 54 Փորձ Կատարած Է․ Փաշինեան

by MassisPost

Ատրպէյճանը կը յայտարարէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը իր քաղաքացիներն են, սակայն կը կրակէ անոնց վրայ գիւղատնտեսական աշխատանքներու ժամանակ: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսպէս արձագանգած է Շաբաթ օր Արցախի Ասկերանի շրջանին մէջ զինադադարի խախտման դէպքին:

Խրամորթ գիւղի 45-ամեայ բնակիչը շաբաթ երեկոյեան վիրաւորած էր ատրպէյճանական զինուժի կրակոցէն, երբ համագիւղացիի հետ դաշտին վրայ գիւղատնտեսական աշխատանքներ կը կատարէր:

«2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ից յետոյ Ատրպէյճանը խաղաղ բնակիչների սպանելու 54 փորձ է ձեռնարկել, որի հետեւանքով 3 խաղաղ բնակիչ սպաննուել է, 16-ը` վիրաւորուել: Սա՞ է Ատրպէյճանի` «Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը լուծուած է» պատմութեան իրականացումը», Թուիթըրով գրած է վարչապետը:

Զինադադարի խախտման նիւթերը ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին տրամադրելէ յետոյ, Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հաստատած էր, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերը կրակած են խաղաղ բնակիչին ուղղութեամբ:

«Խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը ատրպէյճանական կողմին հետ հետաքննութիւն կը կատարէ փաստին առթիւ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment