Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակի Հարցը Կ’արժէ Թողել Յաջորդ Սերունդներուն. ՀՀ-ի Մէջ Ռուս Դեսպան

Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակի Հարցը Կ’արժէ Թողել Յաջորդ Սերունդներուն. ՀՀ-ի Մէջ Ռուս Դեսպան

by MassisPost

Մոսկուայի կարծիքով` Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը կ’արժէ թողել յաջորդ սերունդներուն, Սոչիի մէջ Փաշինեան-Ալիեւ-Փութին եռակողմ հանդիպումէն յետոյ յայտնած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը:

Դեսպանը յայտարարեց, որ կարգաւորումը պէտք է ըլլայ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնութեան ձեռքբերում: Իսկ թէ խաղաղութեան պայմանագրին մէջ ի՞նչ կէտեր պէտք է տեղ գտնեն, դեսպանը ըսաւ, որ կան հարցեր, որոնք տակաւին կարելի չէ եղած համաձանեցնել, բայց որոնց շուրջ աշխատանքը պիտի շարունակուի:

«Մեր կարծիքով` Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին հարցը կ’արժէ թողել յաջորդ սերունդներուն, երբ պայմաններ ստեղծուին բոլոր կողմերուն համար ընդունելի արդար որոշման համար», նշեց ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment