Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Անուղղակի Հաստատուած Է, Որ Հարցը Փակուած Չէ. Արցախի ԱԳ Նախարարը Մեկնաբանած Է Սոչիի Եռակողմ Հանդիպման Արդիւնքները

Անուղղակի Հաստատուած Է, Որ Հարցը Փակուած Չէ. Արցախի ԱԳ Նախարարը Մեկնաբանած Է Սոչիի Եռակողմ Հանդիպման Արդիւնքները

by MassisPost

Պաշտօնական Ստեփանակերտի մէջ կը կարեւորեն Սոչիի մէջ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու մասնակցութեամբ եռակողմ հանդիպումը, սակայն կը նշեն, որ անկէ  պէտք չէ ակնկալել վերջնական կարգաւորում ու խաղաղութիւն:

«Արմենփրես»-ի թղթակիցի հետ զրոյցին, Սոչիի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպման արդիւնքները մեկնաբանած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Դաւիթ Բաբայեանը:

«Նախ եւ առաջ պէտք է գիտակցել, որ մի հանդիպման ժամանակ չի կարող համապարփակ կարգաւորում լինել: Այդպէս չէ, քանի որ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ամենաբարդերից է աշխարհում, թերեւս, այնպիսիններից մէկը ինչպիսին իսրայէլա-արաբականն է: Ամենակարեւորն այն է, որ ուղղակի, անուղղակի հաստատուել է, որ հարցը փակուած չէ: Հաստատուել է, որ կան հարցեր, որոնք համաձայնեցուած չեն եւ պէտք է աշխատել: Յղում է կատարուել մի շարք պայմանաւորուածութիւնների, մասնաւորապէս` 2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեանը: Սա շատ կարեւոր է եւ ամենաշօշափելի ձեռքբերումն է», ըսաւ արտաքին գործերու նախարարը` հանդիպման արդիւնքներէն  դրական համարելով նաեւ ռուս խաղաղապահ առաքելութեան դերակատարութեան կարեւորումը իրենց վերապահուած պատասխանատուութեան գօտիին մէջ, ինչ որ, ըստ Դաւիթ Բաբայեանի,  մէկ անգամ եւս ցոյց կու տայ, որ գոյութիւն ունի համապատասխան միաւոր:

«Հետեւաբար, այս տեսակէտից պէտք է նայել հանդիպման արդիւնքներին: Ի հարկէ, կարող է փլուել որեւէ փաստաթուղթ,   հանդիպում, բայց դրանք շատ կարեւոր են: Պէտք է հասկանանք, որ սա աշխարհաքաղաքականութիւն է: Ունենք կարեւոր մի հանդիպում, իրադարձութիւն, որով հաստատուել է, որ գործընթացը շարունակական է, որ ոչինչ կարգաւորուած չէ եւ պէտք է շարունակենք աշխատանքն այս ուղղութեամբ: Բացի այդ,  մէկ անգամ եւս նշուել է, որ Ռուսաստանը պատրաստ է գործուն դերակատարութիւն ունենալ տարածաշրջանում. սա է հանդիպման արդիւնքում ընդունուած յայտարարութեան փաստաթղթի էութիւնը», ըսաւ Արցախի արտաքին գործերու նախարարը:

Անոր խօսքով` կարեւոր է նաեւ Սոչիի հանդիպումն ու ընդունուած յայտարարութիւնը դիտարկել վերջին զարգացումներու տեսանկիւնէն, երբ մօտեցումներ, առաջարկներ կը շրջանառուէին Արցախը Ատրպէյճանի կազմ «խցկելու» վերաբերեալ: Ի տարբերութիւն անոնց, ըստ Արցախի քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարին, Սոչիի մէջ նշուեցաւ, որ խնդիրը բարդ է, տակաւին կարգաւորուած չէ եւ պէտք է աշխատիլ:

«Պէտք է հասկանանք, որ մեր ցանկութիւնները, յատկապէս զգացական դաշտում, միշտ չէ, որ տեղ են գտնում: Դրա համար պէտք է աշխատենք, առաջին հերթին` մենք: Պէտք է լինենք յամառ, յոյսներս առաջնահերթ դնենք մեր կամքի վրայ, երբեք անտարբեր չլինենք ու չմտածենք, որ ամէն ինչ կորած է, կորսուած: Եթէ մենք կամք ցուցաբերենք, ինչպէս ցուցաբերել ենք Ստեփանակերտում տեղի ունեցած հանրահաւաքի ժամանակ եւ ցոյց տանք, որ մեզ համար անընդունելի է որեւէ կարգավիճակ Ատրպէյճանի կազմում, ապա այդ ամէնը վերջապէս հաշուի կ’առնուի», համոզմունք յայտնեց Դաւիթ Բաբայեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment