Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սոչիի Մէջ Ընդունուած Համատեղ Յայտարարութիւնը

Սոչիի Մէջ Ընդունուած Համատեղ Յայտարարութիւնը

by MassisPost

Սոչիի մէջ ընդունուած համատեղ յայտարարութեամբ երեք երկիրներու` Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ առաջնորդները ընդգծած են խաղաղութեան պայմանագրի կնքման աշխոյժ նախապատրաստման կարեւորութիւնը` տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հասնելու նպատակով:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Սոչիի մէջ կայացած հանդիպման արդիւնքներով ընդունուած յայտարարութեամբ կ’ըսուի, որ առկայ աշխատանքային տարբերակներու հիման վրայ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շարունակել փոխընդունելի լուծումներու որոնումը, իսկ Ռուսիան հնարաւոր օժանդակութիւն պիտի ցուցաբերէ անոր:

«Պայմանաւորուեցանք զերծ մնալ ուժի կիրառումէ կամ անոր կիրառման սպառնալիքէն, քննարկել եւ լուծել բոլոր խնդրայարոյց հարցերը բացառապէս ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան փոխադարձ ճանաչման հիման վրայ` համաձայն ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ 1991 թուականի Ալմա-աթայի Հռչակագրին», գրուած է յայտարարութեան մէջ:

Փաշինեան, Փութին ու Ալիեւ վերահաստատած են ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները պահելու յանձնառութիւնը` ելլելով հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու համապարփակ կարգաւորման, Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, կայունութեան, անվտանգութեան եւ կայուն տնտեսական զարգացման ապահովման շահերէն:

Սա 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ Հայաստանի, Ատրպէյճանի ու Ռուսիոյ առաջնորդներու միջեւ համաձայնեցուած չորրորդ յայտարարութիւնն է, այն պարագային, երբ նախորդ երեքին շարք մը կէտեր, այդ շարքին` ճանապարհներու ապաշրջափակումն ու հայ գերիներու վերադարձը, մինչ օրս իրականութիւն չեն դարձած: Առաջինը 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ին էր, ապա անոնք հանդիպեցան 2021 թուականի Յունուար 11-ին եւ կրկին յայտարարութիւն ընդունեցին, նախավերջինը Նոյեմբեր 26-ին էր` կրկին Սոչիի մէջ:

Սոչիի յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ անոնք համաձայնած են յաւելեալ ջանքեր գործադրել մնացեալ, այդ շարքին` մարդասիրական խնդիրներու հրատապ լուծման ուղղութեամբ:

Յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կայ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան եւս. «Նշելով ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի առանցքային ներդրումը իր տեղակայման գօտիին մէջ անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ` ընդգծեցինք տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կայունացման ուղղուած անոր ջանքերու պահանջուածութիւնը»:

Փաշինեան եւ Ալիեւ նաեւ ողջունած են Ռուսիոյ պատրաստակամութիւնը` «ամէն կերպ նպաստելու Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ բարգաւաճման ապահովման»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment