Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քրեմլինը Հրապարակած Է Սոչիի Մէջ Հայաստանի, Ռուսիոյ Եւ Ատրպէյճանի Ղեկավարներու Եռակողմ Հանդիպման Օրակարգը

Քրեմլինը Հրապարակած Է Սոչիի Մէջ Հայաստանի, Ռուսիոյ Եւ Ատրպէյճանի Ղեկավարներու Եռակողմ Հանդիպման Օրակարգը

by MassisPost

Քրեմլինի մամուլի ծառայութիւնը հրապարակած է Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու` Հոկտեմբեր 31-ին Սոչիի մէջ կայանալիք եռակողմ հանդիպման օրակարգը: Քրեմլինի մամուլի ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ ռուսական կողմին նախաձեռնութեամբ Հոկտեմբեր 31-ին Սոչիի մէջ եռակողմ բանակցութիւններ պիտի կայացնեն Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:

«Կը ծրագրուի քննարկել Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու` 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի, 2021 թուականի Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքը, Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման ուղղուած հետագայ քայլերը: Պիտի քննարկուին նաեւ առեւտրատնտեսական եւ ճանապարհային կապերու վերականգնման եւ զարգացման վերաբերող հարցեր», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նախատեսուած են նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի առանձին հանդիպումները Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment