Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ Կը Նախատեսուի Ընդունիլ Ատրպէյճանի Նկատմամբ Պատժամիջոցներ Նախաձեռնող Բանաձեւ

Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ Կը Նախատեսուի Ընդունիլ Ատրպէյճանի Նկատմամբ Պատժամիջոցներ Նախաձեռնող Բանաձեւ

by MassisPost

Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի պատգամաւորները, Հոկտեմբեր 28-ին, ՀՀ ԱԺ Հայաստան-Ֆրանսա բարեկամական խումբի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին ընդգծած են, որ Հայաստան եկած են դժուար ժամանակահատուածին մէջ հայերու կողքին ըլլալու համար:

Անոնք տեղեկացուցած են, որ «Վերածնունդ» խումբի նախաձեռնութեամբ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին մէջ կը նախատեսուի ընդունիլ բանաձեւ, որով որոշակի պատժամիջոցներ կը նախատեսուին Ատրպէյճանի նկատմամբ, կը դատապարտուի ատրպէյճանական յարձակումը, գրաւեալ տարածքները վերադարձնելու եւ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ վերադառնալու պահանջ կը ներկայացուի:

Հայ խորհրդարանականները կարեւորած են վերոնշեալ բանաձեւի ընդունումը: ՀՀ ԱԺ Հայաստան-Ֆրանսա բարեկամական խումբի ղեկավար Վլատիմիր Վարդանեան արժեւորած է Ֆրանսայի հետ աշխոյժ յարաբերութիւններու զարգացումը, մասնաւորապէս, օրէնսդիր մարմիններուն միջեւ: Պատգամաւորը բարեկամական խումբին անունով շնորհաւորած է Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի նորընտիր պատգամաւորները: Նշուած է, որ յառաջիկային Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ պիտի ձեւաւորուի Հայաստանի հետ բարեկամական խումբը:

Քննարկուած են տնտեսական ոլորտին մէջ հայ-ֆրանսական համագործակցութեան զարգացման, համատեղ ծրագիրներու եւ երկարաժամկէտ կայուն ներդրումներու իրականացման առնչուող հարցեր: Նշուած է, որ Հայաստանը կը բարելաւէ տնտեսական ու մրցակցային միջավայրը` նոր ներդրումներ ներգրաւելու համար: Տնտեսութեան զարգացման տեսանկիւնէն կարեւորուած են տարածաշրջանային կայունութիւնը, սահմաններու անխախտելիութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին հայկական կողմէն մասնակցած են Հայաստան-Ֆրանսա բարեկամական խումբի անդամներ Արթուր Յովհաննիսեանը, Բաբգէն Թունեանը, Արմէն Խաչատրեանը, Աղուան Վարդանեանը, Տարօն Մարգարեանը եւ Արմէն Չարչեանը, ֆրանսական էն՝ Ֆրանսայի ԱԺ պատգամաւորներ Կիյոմ Գասպարեանը, Անն-Լորանս Փեթելը, Լիւք Լամիրօն, Մոհամետ Լաքիլան եւ Սառա Թանզիլին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment