Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան. Հայաստան Պատրաստ Է Աշխատելու Ռուսական Առաջարկին Շուրջ

Նիկոլ Փաշինեան. Հայաստան Պատրաստ Է Աշխատելու Ռուսական Առաջարկին Շուրջ

by MassisPost

Նիկոլ Փաշինեան արձագանգած է Վլատիմիր Փութինի  յայտարարութեան` շեշտելով, որ Հայաստան պատրաստ է աշխատելու ռուսական առաջարկին շուրջ:

Թուիթըրի իր էջով Հայաստանի վարչապետը գրած է, որ Երեւանը դեռ Սպտեմբերի սկիզբը համաձայնած է աշխատիլ Ռուսիոյ ներկայացուցած` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման հիմնական սկզբունքներուն շուրջ: Փաշինեան հաւաստիացուցած է, որ Հայաստան «պատրաստ է այդ հաստատելու Սոչիի մէջ` միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ Ռուսիան պիտի պաշտպանէ իր առաջարկները»:

Ռուսիոյ նախագահը անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կնքուելիք պայմանագրին` նշած էր, թէ կայ կարգաւորման 2 տարբերակ եւ Հայաստանը ինք պէտք է ընտրէ, թէ որ տարբերակով կը փափաքի յառաջ շարժիլ: Վլատիմիր Փութինի խօսքով` խաղաղութեան պայմանագրի ուաշինկթընեան տարբերակը կ’ենթադրէ, որ Արցախը պէտք է ըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ: Կայ նաեւ հնարաւորութիւն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կնքուելիք խաղաղութեան պայմանագրին մէջ ներառել Ղարաբաղի հարցը:

«Եթէ հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանի ներկայիս ղեկավարութիւնը կը համարեն, որ պէտք է ընտրել խաղաղութեան պայմանագրի ուաշինկթընեան տարբերակը, որ, որքան ես գիտեմ, կ’ենթադրէ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւն ամբողջ Ղարաբաղի վրայ: Եթէ Հայաստանը այդպէս կը համարէ` խնդրեմ: Մենք պիտի սատարենք հայ ժողովուրդի որեւէ որոշման», ըսած է Փութին՝ շարունակելով. «Եթէ հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը համարեն, որ Ղարաբաղը ունի իւրայատկութիւններ, որ հարկ է զանոնք հաշուի առնել եւ ներառել ապագայ խաղաղ պայմանագրի մէջ, ապա այդ ալ հնարաւոր է, բայց անպայման այդ պէտք է համաձայնեցնել նաեւ Ատրպէյճանի հետ»:

Նախքան Փութինի այս յայտարարութիւնը, արցախցի թէ՛ իշխանական եւ թէ՛ ընդդիմադիր պատգամաւորները երէկ յայտարարած էին, որ Արցախի համար ընդունելի են Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ Ռուսիոյ առաջարկները: Անոնց խօսքով, ռուսական կողմին առաջարկած փաստաղթուղթի 15-րդ կէտին մէջ նշում կայ, որ կայ Արցախի հարց, որ հետագային պէտք է լուծուի բանակցութիւներու միջոցով: Այսինքն` խնդիրի կարգաւորումը կը սառեցուի: Մինչդեռ ամերիկեան փաստաթուղթը, ըստ արցախցի պատգամաւորներուն, մէկընդմիշտ կը փակէ Արցախի հարցը եւ արցախցիները կը դիտարկէ որպէս Ատրպէյճանի մէջ բնակող ցեղային փոքրամասնութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment