Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Ընկերակցութիւնը Կը Դատապարտէ Ատրպէյճանի Գործողութիւնները

Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Ընկերակցութիւնը Կը Դատապարտէ Ատրպէյճանի Գործողութիւնները

by MassisPost

Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Ընկերակցութեան (The International Association of Genocide Scholars-IAGS) Գործադիր Մարմինը Հոկտեմբեր 24-ին ընդունած է «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հարաւային Կովկասի բնիկ հայերու դէմ ատրպէյճանական յարձակման մասին» յայտարարութիւն, որ հրապարակուած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի Ֆէյսպուքի էջով:

Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Ընկերակցութեան յայտարարութեան մէջ կ’ըսուի, որ խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի ներխուժումը Հայաստանի ինքնիշխան տարածք եւ շարունակուող յարձակումը Արցախի դէմ` մտահոգութիւն յայտնելով, որ Արցախի ժողովուրդը կանգնած է ցեղասպանութեան վտանգի առջեւ:

Ցեղասպանութեան վտանգը վերացնելու նպատակով Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Ընկերակցութեան Գործադիր Մարմինը կոչ կ’ընէ`

միջազգային հանրութեան եւ ակադեմական ու մշակութային կազմակերպութիւններուն` դատապարտելու Ատրպէյճանի բռնութիւնն ու ատելութեան խօսքը Հայաստանի դէմ եւ ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցները Ատրպէյճանին ստիպելու դադրեցնել ռազմական գործողութիւններն ու ատելութեան խօսքը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի բնիկ հայերու դէմ,

Ատրպէյճանին` կատարելու ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 2021 թուականի Դեկտեմբեր 7-ի որոշումը,

Ատրպէյճանին` ետ քաշելու իր զօրքերը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն եւ յարգելու արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը, որ երաշխաւորուած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կանոնադրութեամբ (Գլուխ I, յօդուած 2),

միջազգային հանրութեան` զսպելու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մենատիրական վարչակարգը, որ պատասխանատու է 2020 թուականի Սեպտեմբերէն Հայաստանի եւ հայերու դէմ իրականացուած յարձակման (յանցագործութիւններ խաղաղութեան դէմ), ռազմական յանցագործութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններուն համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment