Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսաստան Մտահոգիչ կը Նկատէ Կովկասի Մէջ Թափ Հաւաքող Միտումները

Ռուսաստան Մտահոգիչ կը Նկատէ Կովկասի Մէջ Թափ Հաւաքող Միտումները

by MassisPost

Մոսկուան կը հաստատէ, որ նախագահ Փութին հանդիպման հրաւիրած է Հայաստանի ու Ատրպէյճանի առաջնորդները, ուր «կը նախատեսուի քննարկել եռակողմ ու երկկողմ յարաբերութիւններու ամբողջ օրակարգը»:

«Մեզ չեն կրնար չանհանգստացնել Հարաւային Կովկասի մէջ թափ հաւաքող մտահոգիչ միտումները, ուր Արեւմուտքը կը փորձէ տեղափոխել Ուքրանիոյ վրայ փորձարկուած առճակատման մեխանիզմները», ըսած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակը: Մարիա Զախարովան ծաւալուն անդրադարձած է յատկապէս Հայաստանի շուրջ զարգացումներուն՝ պնդելով, որ հայ֊ռուսական «դարաւոր կապերուն վնասելու համար տարածաշրջանին մէջ Ռուսիոյ քաղաքականութիւնը վարկաբեկող քայլեր կը ձեռնարկուին», սակայն իրենք վստահ են, որ «Երեւանն ու Մոսկուան գժտեցնելու այդ փորձերը յաջողութեամբ պիտի չպսակուին»:

Զախարովան ընդգծած է, որ Մոսկուան վճռական է ամրապնդելու ռազմավարական դաշնակցութիւնն ու բազմակողմ յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, որպէս օրինակ նշելով, որ կողմերուն միջեւ կը զարգանայ երկխօսութիւնը ռազմաքաղաքական ու ռազմատեխնիկական ուղղութիւններով, առեւտրաշրջանառութիւնը կ’աճի աննախադէպ կշռոյթներով, տասնեակ մեծ ռուսական ընկերութիւններ պատրաստ են յառաջիկային եւս ներդրումներ ընելու Հայաստանի տնտեսութեան մէջ: Զախարովան, սակայն, որեւէ բան չէ ըսած Հայաստանը յուզող ամենակարեւոր հարցին` Ռուսիայէն այժմ ակնկալուող ռազմական աջակցութեան մասին, փոխարէնը պնդած է, որ «անհիմն են մեղադրանքները, իբր Մոսկուան չի կատարեր Հայաստանի անվտանգութեան հարցով ստանձնած պարտաւորութիւնները»:

«Կը փափաքինք յիշեցնել, որ մեր երկիրն էր, որ դադրեցուց պատերազմը 2020 թուականի Նոյեմբերին, ուղարկեց խաղաղապահներ, որոնք խաղաղութիւն եւ կայունութիւն բերին տարածաշրջան եւ մինչ օրս վճռական ներդրում ունին Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ զինուած միջադէպերու կարգաւորման գործին մէջ», յայտնած է Մարիա Զախարովան:

Ըստ Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան, արտաքին ուժերը կը փորձեն հասնիլ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան դուրսբերման Ղարաբաղէն, ինչ որ կրնայ ապակայունացնել Հարաւային Կովկասը: «Հաշուի չ’առնուիր խնդիրին տարածաշրջանային առանձնայատկութիւնը, ոչ ալ յատուկ զգայունութիւնը: Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսէլի իրական նպատակները ոչ թէ փոխզիջումային եւ հաւասարակշռուած լուծումներն են, այլ՝ ինքնագովազդը եւ Ռուսիան Հարաւային Կովկասէն դուրս մղելը», ըսած է Զախարովան` յաւելելով. «Յաճախակի դարձած են Եւրոմիութեան, ԵԱՀԿ-ի եւ Ֆրանսայի քօղին տակ արեւմտեան էմիսարներու ժամանումները Հայաստան: Յառաջ կը մղուին հապճեպ յօրինուած նախաձեռնութիւններ, որոնք հաշուի չեն առներ տարածաշրջանի ամբողջ բնակչութեան շահերը»:

Ըստ Զախարովայի, Մոսկուան կը շարունակէ աշխատիլ Երեւանի եւ Պաքուի հետ` ի շահ անոնց յարաբերութիւններու համապարփակ կարգաւորման, այդ շարքին` հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման, սահմաններու սահմանազատման, խաղաղութեան պայմանագրի համաձայնեցման ուղղութեամբ: «Խաղաղութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է երկու կողմերու քաղաքական կամքն ու համաձայնութիւնը», ըսած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակը` առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment