Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄՆ Շահագրգռուած Է Հարաւային Կովկասի Կայունութեամբ. Նետ Փրայս

ԱՄՆ Շահագրգռուած Է Հարաւային Կովկասի Կայունութեամբ. Նետ Փրայս

by MassisPost

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները շահագրգռուած է Հարաւային Կովկասի կայունութեամբ:

Այս մասին յայտնած է ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան մամուլի քարտուղար Նետ Փրայսը:

«Ի հարկէ, մենք յստակ ներկայացուցած ենք մեր շահագրգռուածութիւնը եւ կը փափաքինք տեսնել կայուն Հարաւային Կովկաս, տարածաշրջան, ուր մենք կրնանք աշխատիլ ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Ատրպէյճանի հետ այդ երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութեան, ինչպէս նաեւ որեւէ հնարաւոր լայնամասշտաբ լարուածութեան ապամագլցողութեան ուղղութեամբ», ըսած է Փրայս:

Փրայս չէ մեկնաբանած լրագրողին հարցումը Ատրպէյճանի հետ սահմանին Իրանի իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրախումի կատարած զօրավարժութիւններուն վերաբերեալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment