Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռուսիոյ Պետտումայի պատգամաւոր Կոնստանդին Զաթուլինի Հայաստան Այցը Համարուած Է Անցանկալի

Ռուսիոյ Պետտումայի պատգամաւոր Կոնստանդին Զաթուլինի Հայաստան Այցը Համարուած Է Անցանկալի

by MassisPost

Ռուսիոյ Պետտումայի պատգամաւոր Կոնստանդին Զաթուլինի Հայաստան այցը համարուած է անցանկալի: Այդ մասին Զաթուլին գրած է Թելեկրամով` հրապարակելով Հայաստանի Ազգային Ժողովին նամակը:

Նամակին մէջ մասնաւորապէս կը նշուի․ «ՀՀ Ազգային Ժողովի ղեկավարութեան անունով կը յայտնենք, որ, ցաւօք, Հայաստանի Հանրապետութեան մասին վերջին շրջանի Ձեր յայտարարութիւնները կը վնասեն մեր պետութիւններու բարեկամական եւ դաշնակցային յարաբերութիւններու զարգացման: Այս մէկով պայմանաւորուած, ապագային Ձեր այցը Հայաստանի Հանրապետութիւն կը համարուի անցանկալի»:

Կոնստանդին Զաթուլինը սա վիրաւորական քայլ գնահատած է` նշելով, որ անակնկալի եկած է:

Յիշեցնենք, որ իր հրապարակային հարցազրոյցներուն մէջ Զաթուլին բազմիցս մեղադրած է ՀՀ իշխանութիւնը 44-օրեայ պատերազմի պարտութեան համար:

Աւելին` ներխուժելով Հայաստանի ներքաղաքական կեանք` Զաթուլինը մէկ անգամ չէ, որ բարձրաձայնած է, թէ Նիկոլ Փաշինեանը պէտք է հեռանայ: Զաթուլին հասցուցած էր նոյնիսկ ՀՀ իշխանութիւնները մեղադրել հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ սեպ խրելու համար: Իսկ Հայաստան կատարած վերջին այցելութեան ժամանակ «Երկիր Մետիա»-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ան մեղադրած էր վարչապետը ՀՀ ինքնիշխան տարածքով «միջանցք» ստորագրելու համար: «Հնարաւոր միջանցքի շուրջ հարցերը պէտք է տալ ստորագրողներուն, «միջանցքը» ստորագրած է Փաշինեանը», ըսած էր Զաթուլին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment