Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Եւ Հնդկաստանի Միջեւ Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ Փոխգործակցութեան Վերելք Կ’ակնկալուի. India Narrative

Հայաստանի Եւ Հնդկաստանի Միջեւ Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ Փոխգործակցութեան Վերելք Կ’ակնկալուի. India Narrative

by MassisPost

Հնդկական India Narrative կայքը ծաւալուն յօդուածով անդրադարձած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի` Հնդկաստան կատարած այցին: Կայքը կը գրէ, որ կ’ակնկալուի, որ Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ փոխգործակցութիւնը վերելք կ’ապրի այն բանէն յետոյ, երբ Հայաստանէն բարձր մակարդակի պատուիրակութիւնը այցելած է Հնդկաստան եւ մասնակցած՝ Կանտինակար քաղաքին մէջ բացուած «DEFEXPO» ցուցահանդէսին:

Կը նշուի, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը Հնդկաստանի պաշտպանութեան նախարար Շրի Ռաճնաթ Սինկհի հետ հանդիպման ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է ռազմական եւ ռազմատեխնիկական երկկողմ համագործակցութիւնը ընդլայնելու հնարաւորութիւններուն վրայ: «Պապիկեանն ու անոր ուղեկցողները քիչ ժամանակ չեն յատկացուցած Ասիոյ ամենամեծ պաշտպանական միջոցառման ցուցադրուող նմուշները ուսումնասիրելուն», կը գրէ կայքը` յաւելելով, որ կարեւոր այցը տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վերջին ռազմական մագլցումի լոյսին տակ:

Կայքը կը գրէ, որ Հնդկաստանը հետեւողական դիրքորոշում ունի Կովկասի տարածաշրջանին մէջ իրավիճակին վերաբերեալ` մարտական գործողութիւններու սկիզբէն հակամարտութիւնը խաղաղ եւ դիւանագիտական ճանապարհով կարգաւորելու կոչ հնչեցնելով:

India Narrative-ը մէջբերած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի խօսքերը իր հնդիկ պաշտօնակիցին հետ հանդիպումէն յետոյ. «Ես ներկայացրեցի Ատրպէյճանի վերջին յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Հնդկաստանին միջազգային հարթակներում արտայայտած յստակ դիրքորոշման համար: Ես նաեւ իմ գործընկերոջը հրաւիրեցի պաշտօնական այց կատարել Հայաստան»:

Այնուհետեւ կայքը կը յաւելէ. «Քանի որ Թուրքիան եւ Փաքիստանը ամբողջութեամբ կ’աջակցին Ատրպէյճանին, Երեւանը կը ձգտի ամուր ռազմավարական համագործակցութիւն հաստատելու Նիւ Տելհիի հետ: Ամէն ինչ սկսած է անկէ, որ 2020 թուականին Հնդկաստանը Հայաստանին մատակարարած է զինամթերքի յայտնաբերման 4 «Swathi» ռատար` ընդհանուր 40 միլիոն տոլար արժէքով: Այդ պահէն սկսեալ Հայաստանի կառավարութիւնը` Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ հնդկական նորագոյն ռազմական տեխնիկայի, մասնաւորապէս, «Pinaka» հեռահար հրթիռային համակարգերու, ATGM  հակահրասայլային կառավարուող հրթիռներու եւ «Akash» զենիթահրթիռային համակարգերու նկատմամբ», կը գրէ կայքը` յիշեցնելով, որ վերջերս հաղորդուած է կողմերուն միջեւ 250 միլիոն տոլարի զէնքի մատակարարման պայմանագրի կնքման մասին:

Կայքը նաեւ յաւելած է, որ Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ բազմադարեայ կապերը աւելի ամուր կը դարձնեն համագործակցութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment