Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կառավարութիւնը Կ’առաջարկէ 15 Տարուան Բանտարկութիւն Սահմանել Ինքնիշխանութենէն Հրաժարելու Կոչերուն Համար

Կառավարութիւնը Կ’առաջարկէ 15 Տարուան Բանտարկութիւն Սահմանել Ինքնիշխանութենէն Հրաժարելու Կոչերուն Համար

by MassisPost

Կառավարութիւնը կ’առաջարկէ Հայաստանի ինքնիշխանութենէն հրաժարելու հրապարակային կոչերուն համար քրէական պատիժ նախատեսել: Քրէական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու նախագիծը երկու օր է հանրային քննարկման ներկայացուած է:

Սա կանխարգելիչ նպատակ ունի, կ’ըսէ Ազգային Ժողովի Պետաիրաւական Յանձնաժողովի նախագահ Վլատիմիր Վարդանեանը. «Սա եւս ուղղուած է այս կանխարգելիչ գործառոյթը իրականացնելու, նաեւ հիմքեր ստեղծելու, որպէսզի անձինք պետականութեան դէմ ուղղուած գործողութիւններ չիրականացնեն»:

Գործող օրէնքով քրէական պատասխանատուութիւն նախատեսուած է տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելու, բռնութիւն գործադրելու սպառնալիքի միջոցով Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը կամ մասը այլ պետութեան յանձնելու համար:

Իշխանութիւնը զաւթելու, տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելու հրապարակային կոչերուն համար ալ քրէական պատիժ կայ: Վարդանեանի խօսքով, անհրեժեշտ է յստակացնել ինքնիշխանութեան մասը. «Կայ իրավիճակ հանրային վտանգաւորութեան, որը կարող է հասնել որոշակի գագաթնակէտի` որոշակի իրադարձութիւնների հետ կապուած, եւ այդ գագաթնակէտի շրջանակներում կարող ես որոշում կայացնես այս կամ այն արարքը քրէականացնելու կամ ապաքրէականացնելու վերաբերեալ»:

Ի՞նչ իրավիճակի մէջ յայտնուած ենք: Ինքնիշխանութենէն հրաժարելու կոչեր ովքե՞ր ըրած են, կա՞յ օրինակ, որ կը ստիպէ քրէական պատիժ սահմանել: Իշխանական պատգամաւորը մերժեց օրինակներով խօսիլ ու մանրամասնել:

Նախագիծը պիտի հասնի Ազգային Ժողով, այնտեղ մանրամասն պիիտ քննարկենք, ըսաւ Վարդանեան. «Շատ դժուար է այս փուլում ասել, թէ ինչի հետ մենք գործ կարող է ունենանք»:

Օրինակ, Ռուսիոյ հետ միութենական կազմի մէջ մտնելու քննարկումները, առաջարկները վտանգաւո՞ր են, արդեօ՞ք որեւէ մէկի կարծիքը կամ կանխատեսումը այս քրէական յօդուածի նիւթ է, կը սպառնայ Հայաստանի ինքնիշխանութեան:

Այս հարցերուն Վարդանեան արձագանգեց. «Նոյն յաջողութեամբ կարելի է ասել, որ երբ որ ծնողը ասում է երեխային` կը սպաննեմ քեզ, արդեօ՞ք սա քրէօրէն հետապնդելի արարք է, թէ՞ ոչ: Մենք չենք կրնար, եւ ես էլ չէի ուզենայ լինել այն մեկնաբանը, որ կը կարողանայ վերջին ատեանի ճշմարտութիւնը ձեզ ներկայացնել: Ցանկացած արարք քրէաիրաւական գնահատական պէտք է ստանայ, եւ յստակ պէտք է տարբերակենք կարծիքի արտայայտման իրաւունքը, կարծիքը արտայայտելու ազատութիւնը եւ ոչ իրաւաչափ գործողութեան [կոչը]»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment