Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փտածութեան` Մեր Երկրին Հասցուցած Վնասը Պէտք Է Վերականգնուի․ Նիկոլ Փաշինեան

Փտածութեան` Մեր Երկրին Հասցուցած Վնասը Պէտք Է Վերականգնուի․ Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Հակափտածութիւն Կոմիտէ եւ ներկայ գտնուած է Հակափտածութիւն Կոմիտէի ծառայողի օրուան եւ կառոյցի կազմաւորման առաջին տարեդարձին նուիրուած  միջոցառման:

Միջոցառման ներկայ էին Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան տնօրէն Արմէն Աբազեանը, Ոստիկանութեան  պետ Վահէ Ղազարեանը, Պետական Վերահսկողական Ծառայութեան ղեկավար Ռոմանոս Մելիքեանը, Պետական Եկամուտների Կոմիտէի նախագահ Ռուստամ Բադասեանը, Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդի նախագահ Կարեն Անդրէասեանը, Քննչական Կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեանը, Գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեանը, Հակափտածութիւն Կոմիտէի ղեկավար կազմի ներկայացուցիչներ, քննիչներ, պաշտօնատար այլ անձեր:

Հակափտածութիւն Կոմիտէի կազմաւորման եւ գործունէութեան մէկ տարուան մէջ կատարուած աշխատանքներուն վերաբերեալ զեկոյցով հանդէս եկած է կառոյցի նախագահ Սասուն Խաչատրեանը: Ան նշած է, որ Հայաստանի մէջ հետախուզական գործունէութիւն իրականացնող միակ քննչական մարմինը ըլլալու հանգամանքը արդիւնաւէտ քննութեան նոր հնարաւորութիւններ եւ միաժամանակ մեծ սպասումներ կը ձեւաւորէ Կոմիտէէն: Ներկայացնելով քննուած քրէական վարոյթներու վիճակագրական ցուցանիշերը` Սասուն Խաչատրեան ըսած է, որ մէկ տարուան մէջ քննիչներու վարոյթին մէջ գտնուող գործերուն թիւը աւելի քան եռապատկուած է. 2021-ի Հոկտեմբեր 23-էն մինչեւ օրս Հակափտածութիւն Կոմիտէին մէջ քննուած է 1042 քրէական վարոյթ, մինչդեռ նախորդող մէկ տարուան ընթացքին ՀՀ Յատուկ Քննչական Ծառայութեան մէջ քննուած էր 565 քրէական գործ: Այժմ կը քննուի 366 քրէական վարոյթ, մինչդեռ 2021-ի Հոկտեմբեր 23-ին գործունէութիւնը սկսելով Հակափտածութիւն Կոմիտէի վարոյթին մէջ քննուած է 114 քրէական գործ: Կոմիտէի նախագահը նաեւ անդրադարձած է միջազգային համագործակցութեան եւ նշած, որ Արեւելեան Գործընկերութեան երկիրներու շարքին Հայաստանը հակափտածութիւն պայքարի առումով ամէնէն առաջատար դիրքերը կը զբաղեցնէ:

Վարչապետ Փաշինեանը հանդէս եկած է ելոյթով, որուն մէջ, մասնաւորապէս, նշած է.

«Հակափտածութեան պայքարը մեր իշխանութեան, մեր կառավարութեան ամենակարեւոր հանրային պարտաւորութիւններից է, այսինքն` հանրութեան առաջ ստանձնած պարտաւորութիւններից: Եթէ փորձենք պատասխանել հարցին, թէ որքանով է կատարւում այդ պարտաւորութիւնը, թերեւս առաջինն ընդունուած է դիմել միջազգային համաթիւերին եւ վարկանիշներին: Եւ կը տեսնենք, որ միջազգային բոլոր զեկոյցներում Հայաստանի Հանրապետութիւնը յիշատակւում է որպէս հակափտածութեան քաղաքականութեան ոլորտում եւ փտածութեան դէմ պայքարում էական յառաջընթաց գրանցած երկիր, ընդ որում` այդ յառաջընթացը շարունակական է: Այսինքն` արձանագրւում է, որ ոչ թէ իրադարձութիւն է տեղի ունեցել, այլ հոլովոյթ է, որը շարունակում է ընթանալ: Նաեւ պարոն Խաչատրեանն իր ելոյթում նշեց, որ Արեւելեան Գործընկերութեան երկրների շրջանում Հայաստանը հակափտածութեան պայքարի առումով բացարձակ առաջատար է:

«Հիմա միջազգային հարթակներից վերադառնանք  Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ ինքներս մեզ հարց տանք, թէ արդեօք մենք գոհ ենք Հայաստանում վարուող հակափտածութեան քաղաքականութեան արդիւնքներից եւ արդիւնաւէտութիւնից: Պիտի արձանագրենք, որ մենք մեծ հաշուով, չենք կարող ասել, որ դժգոհ ենք, բայց, միւս կողմից, նաեւ չենք կարող ասել, որ գոհ ենք: Ոչ թէ այն պատճառով, որ աշխատանքներ չեն արուել, եւ արդիւնքներ չկան, այլ ամենաշատը այն պատճառով, որ, այնուամենայնիւ, հակափտածութեան պայքարի առումով` հանրութեան ակնկալիքները – ընդ որում, դրանք կարող են լինել առարկայական եւ չափազանցուած – հանրութեան ակնկալիքների մի առարկայական հատուած մենք չենք իրագործել, եւ դա պէտք է ընդունենք ու խոստովանենք:

«Պիտի արձանագրեմ` այո՛, ուրախ եմ, որ մեր քաղաքական կամքը ոչ մի միլիմեթրով չի նուազել: Սա շատ կարեւոր է, որովհետեւ իշխանութեան գալով յեղափոխութեամբ, շատ հեշտ  է ասել` փտածութեան դէմ կը պայքարենք եւ այլն: Ճշմարտութեան ժամը հիմա է: Մենք, 4 տարուց աւելի իշխանութեան մէջ լինելով, այդ հնարաւորութիւններին առնչուելով եւ այլն` որքանո՞վ է մեր քաղաքական կամքը մնացել նոյնը: Ես ուզում եմ յստակ ասել, որ մեր քաղաքական կամքը նոյնիսկ աւելացել է, աւելին, որովհետեւ այն ժամանակ գուցէ մենք ի վիճակի չէինք, նոյնիսկ ընդդիմադիր լինելով, գնահատել, թէ փտածութիւնը ինչպիսի խորը եւ ողբերգական հետեւանքներ է ունեցել եւ ունենում մեր իրականութեան վրայ: Հիմա մենք դա գիտենք առաւել մանրամասն, մենք ամէն օր առնչւում ենք այդ խնդիրին հետ, մենք ամէն օր մեր մաշկի վրայ դա զգում ենք որպէս պատասխանատու մարդիկ, ովքեր պէտք է երկրի ճակատագրի հետ կապուած խնդիրներ լուծեն»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment