Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2022-ի 9 Ամսուան Մէջ Պետական Պիւտճէ Հաւաքագրուած Է 1,412 Թրիլիոն Դրամի Հարկային Եկամուտ. ՊԵԿ

2022-ի 9 Ամսուան Մէջ Պետական Պիւտճէ Հաւաքագրուած Է 1,412 Թրիլիոն Դրամի Հարկային Եկամուտ. ՊԵԿ

by MassisPost

2022 թուականի 9 ամիսներու ընթացքին պետական պիւտճէ հաւաքագրուած է 1 թրիլիոն 412 միլիառ դրամի հարկային եկամուտներ, ինչ որ նախորդող տարիներու նոյն ժամանակահատուածին համեմատութեամբ աննախադէպ ցուցանիշ է: Հարկային եկամուտներու հաւաքագրման ծրագրային ցուցանիշը գերակատարուած է 77,2 միլիառ դրամով կամ 5․8%-ով:

Հարկային եկամուտները 2022-ի առաջին 9 ամիսներուն շուրջ 275 միլիառ դրամով կամ 24.2%-ով գերազանցած են 2021-ի նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշը, ինչ որ վերջին տարիներուն արձանագրուած ամենաբարձր աճի կշռոյթն է, ընդ որում`

հարկ վճարողներուն եւ ֆիզիքական անձերու վերադարձուած է 172 միլիառ դրամ, ինչ որ 39,7 միլիառ դրամով կամ 30%-ով աւելին է նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշէն,

ԵԱՏՄ անդամ պետութիւններու միջեւ ներմուծման մաքսատուրքերու` ըստ նորմաթիւներու բաշխման արդիւնքով ներմուծման մաքսատուրքերու առնչութեամբ մուտքերը նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ կրճատուած են 21,6 միլիառ դրամով կամ 35%-ով:

2022-ի 9 ամիսներու ընթացքին հարկային եկամուտներու մէջ ամենամեծ տեսակարար կշիռը կը կազմեն հանքարդիւնաբերութենէ ստացուած եկամուտները, որուն բաժին կ’իյնայ հարկային եկամուտներբւ շուրջ 8%-ը, կը յայտնեն ՊԵԿ-էն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment