Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Մենք Պէտք Է Նպատակադրուինք Հայերուն Ռազմական Աջակցութիւն Ցուցաբերելու, Ինչպէս Ըրած Ենք Մալիի Մէջ. Պուայէ

Մենք Պէտք Է Նպատակադրուինք Հայերուն Ռազմական Աջակցութիւն Ցուցաբերելու, Ինչպէս Ըրած Ենք Մալիի Մէջ. Պուայէ

by MassisPost

Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ Հոկտեմբեր 19-ին, Ծերակոյտի հանրապետական խմբակցութեան պատգամաւոր, Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբի փոխնախագահ Վալերի Պուայէն դիմելով խորհրդարանին մէջ ներկայ արտաքին գործերու նախարար Քաթրին Քոլոնային ըսած է․

Ինչպէ՞ս հաւատալ այն Եւրոպային, որ մէկ կողմէ քաղաքացիական առաքելութիւն կ’ուղարկէ Հայաստան, իսկ միւս կողմէ` կ’ամրապնդէ իր համագործակցութիւնը Ատրպէյճանի հետ` ուժանիւթի ոլորտին մէջ: Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա վոն տեր Լեյենի ներկայացմամբ` Ատրպէյճանը վստահելի գործընկեր է», ըսած է Պուայէն ու ընդգծած, որ կազը, որ կը պատրաստուի շահագործելու Ատրպէյճանը, իրականութեան մէջ Ռուսիոյ է:

«Եւ հարկ է ըսել, որ Ռուսիան ու Ադտրպէյճանը կը համագործակցին ու կը հասկնան իրար․ Փութին կը փափաքի նոր աշխարհագրութիւն ստեղծել, Ալիեւը` չեղարկել պատմութիւնը: Եւ բոլորս այսօր վկան ենք այս իրողութեան:

Տիկին նախարար, հարկ է պատժամիջոցնէր կիրառել Ատրպէյճանի նկատմամբ: Մեր ձեռքը պիտի չդողայ հակադրուելու Ատրպէյճանի խաւիարային դիւանագիտութեան: Մենք պէտք է նպատակադրուինք հայերուն ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերելու, ինչպէս ըրած ենք Մալիի մէջ: Այն ինչ ըրած ենք Մալիի համար, ինչո՞ւ չընենք Հայաստանի համար: Ու եթէ պատժամիջոցներ չկիրառենք Ատրպէյճանի նկատմամբ, անով պիտի նպաստենք հայերու բնաջնջման ու նոր ցեղասպանութեան: Հայերը կը սպասեն յստակ ու իրական օգնութեան»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment