Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Թրքական Կողմը Հայաստանի Հետ Կարգաւորման Գործընթացը Պէտք Է Աւելի Ու Աւելի Քիչ Կապէ Հայաստան-Ատրպէյճան Բանակցային Գործընթացին Հետ. Միրզոյեան

Թրքական Կողմը Հայաստանի Հետ Կարգաւորման Գործընթացը Պէտք Է Աւելի Ու Աւելի Քիչ Կապէ Հայաստան-Ատրպէյճան Բանակցային Գործընթացին Հետ. Միրզոյեան

by MassisPost

ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան կը շեշտէ, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած գործընթացին մէջ Թուրքիան պէտք է կարգաւորման գործընթացը աւելի ու աւելի քիչ կապէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցային գործընթացին հետ, հակառակը` պէտք է գիտակցի, որ Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան յաջողութիւնը կարող է իր դրական ազդեցութիւնը թողել Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային գործընթացին վրայ:

Այս մասին ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը ըսաւ Իրանի արտասքին գործերու նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտոլլահիանի հետ համատեղ ասուլիսին` անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ հարցին:

«Երկու երկրները նշանակել են իրենց յատուկ ներկայացուցիչներին, որոնք արդէն 4 հանդիպում են ունեցել, առարկայական հանդիպումներ են ունեցել երկու երկրների` Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու եւ երկու երկրների միջեւ Թուրքիայի կողմից փակուած սահմանը բացելու ուղղութեամբ», ըսաւ Միրզոյեան:

Նախարարը յիշեցուց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարին հրաւէրով ինք մասնակցած է Անթալիոյ դիւանագիտական համագումարին, օրեր առաջ տեղի ունեցած է նաեւ Հայաստանի վարչապետին եւ Թուրքիոյ նախագահին հանդիպումը:

«Գործընթացը համարում եմ դրական: Ուղենիշը յարաբերութիւնների հաստատումը եւ սահմանի բացումն է: Միեւնոյն ժամանակ, կարծում եմ, որ Թուրքիայի մեր զրուցակիցները պէտք է աւելի ու աւելի քիչ այս գործընթացը կապեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցային գործընթացի հետ: Եւ հակառակը` պէտք է գիտակցեն, որ Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան յաջողութիւնը կարող է իր դրական ազդեցութիւնը գործել Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային գործընթացի վրայ: Երբեմն հարցերի վերաբերեալ հնչում են արտայայտութիւններ, որոնք հիմք են տալիս մտածելու, որ, օրինակ, նոյն Թուրքիան գուցէ արտատարածքային կարգավիճակով միջանցքի բացման հարցում աւելի շահագրգիռ է, քան, օրինակ, Ատրպէյճանը», ըսաւ Միրզոյեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment