Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հնդկական Կողմը Կը Հաստատէ` Հայաստանը «Pinaka»-ներու Երեք Տեսակ Պատուիրած Է

Հնդկական Կողմը Կը Հաստատէ` Հայաստանը «Pinaka»-ներու Երեք Տեսակ Պատուիրած Է

by MassisPost

Հնդկական կողմը, փաստացի, պաշտօնապէս հաստատեց, որ Հայաստանը համազարկային կրակի «Pinaka» կոչուող համակարգերու երեք տեսակ պատուիրած է, որոնք Տելհիէն Երեւան պէտք է տեղափոխուին յառաջիկայ երկու տարուան ընթացքին: Այդ մասին յայտնած է հրթիռներու արտադրութեամբ զբաղող մեծ ընկերութեան` Solar Industries-ը ղեկավար Սաթեանառայան Նուվալը` Հնդկաստանի մէջ բացուած «DEFEXPO» ցուցահանդէսին ժամանակ:

«Մենք «Pinaka1»-ի, ընդալայնուած հեռահարութեան «Pinaka»-ի եւ կառավարուող «Pinaka»-ի արտահանման պատուէր ստացած ենք Հայաստանէն: Ըստ վերջնաժամկէտին, պէտք է այդ երեքն ալ աւարտենք երկու տարուան մէջ», ըսած է ռազմարդիւնաբերութեամբ զբաղող ընկերութեան ղեկավարը:

Հնդկական զէնքի մեծ այս ցուցահանդէսին ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը, որ հանդիպած է Հնդկաստանի գործընկերոջ հետ: Հանդիպումէն յետոյ նախարար Ռաճնաթ Սինգհը Թուիթըրով գրած էր` «շփումը հրաշալի անցած է», առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններու:

Հայկական կողմը եւս մանրամասնութիւններ չէր հաղորդած, պաշտօնական հաղորդագրութեամբ միայն նշուած էր, որ «քննարկուածեն համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւնները, երկկողմ ռազմական եւ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան շարք մը հարցեր»:

Հնդկական մամուլը, սակայն, յղում ընելով իր աղբիւրներուն, կը պնդէ, որ ռազմատեխնիկական համագործակցութիւնը կրնայ ընդարձակուիլ` նոր սպառազինութիւններու ձեռքբերման հաշուոյն:

«The Print» պարբերականը մասնաւորապէս կը պնդէ, որ Հայաստանը այժմ հետաքրքրուած է յատկապէս հնդկական արտադրութեան «Akash» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգով եւ հարուածային անօդաչու թռչող սարքերով:

Աւելի վաղ ալ` անցեալ ամիս, հնդկական մամուլը հաղորդած էր, որ կողմերը մօտ 250 միլիոն տոլարի գործարք կնքած են, որով Հնդկաստանը պէտք է յառաջիկայ ամիսներուն հայկական բանակին հակահրասայլային հրթիռներ, ինչպէս նաեւ համազարկային կրակի համակարգեր` «Pinaka»-ներ մատակարարէ:

Բաց աղբիւրներուն մէջ առկայ տեղեկութիւններուն համաձայն` այդ համակարգերը հնդկական բանակի զինանոցին մէջ յայտնուած են 2000-ականներու սկիզբը` փոխարինելով խորհրդային արտադրութեան հրետանային միջոցները` մասնաւորաբար «Կրատ» կայանքները:

Հնդկական աղբիւրներուն փոխանցմամբ` Հայաստանին վաճառուած համակարգերէն մէկուն հեռահարութիւնը կը հասնի 37,5, միւսինը` 45, երրորդինը` 75 քիլոմեթրի: Վերջին տարբերակը կը համարուի երեքէն ամենաառաջադէմը, ունի ներքին նաւարկման համակարգ, արբանեակային նաւարկման ուղեցոյց, ինչ որ հնարաւորութիւն կու տայ խոցելու հակառակորդը մեծ հեռաւորութեան վրայ: Ըստ հնդկական աղբիւրներու` այդ համակարգերէն իւրաքանչիւրը ի վիճակի է 44 վայրկեանի մէջ 12 հրթիռ արձակելու, որոնք նախատեսուած են հակառակորդին անձնակազմը, ծանր տեխնիկան, ինչպէս նաեւ հրամանատարական կէտերը խոցելու համար:

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը այս գործարքներուն մասին տեղեկութիւնները առայժմ չէ հերքած, բայց եւ չէ հաստատած: Եթէ համագործակցութիւնը հաստատուի, Հայաստանը պիտի դառնայ օտարերկրեայ առաջին պետութիւնը, որ իր բանակը որոշած է համալրել է հնդկական այս զինատեսակով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment