Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հարցականի Տակ Յայտնուած Են Համաշխարհային Տնտեսական Համակարգի Հիմնարար Սկզբունքները. Վարչապետը` ԵԱՏՄ Նիստին

Հարցականի Տակ Յայտնուած Են Համաշխարհային Տնտեսական Համակարգի Հիմնարար Սկզբունքները. Վարչապետը` ԵԱՏՄ Նիստին

by MassisPost

Համաշխարհային տնտեսութիւնը ոչ-լաւագոյն ժամանակները կ’ապրի. առեւտրային, արդիւնաբերական եւ լոկիսթիկ կապերը, որոնք համավարակէպ յետոյ նոր սկսած էին վերականգնուիլ, նոր ցնցումներու կ’ենթարկուին: Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Եւրասիական միջկառավարական Խորհուրդի նիստի նեղ կազմով հանդիպման ընթացքին ողջոյնի իր խօսքին մէջ այս մասին ըսաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Հարցականի տակ են յայտնուել համաշխարհային տնտեսական համակարգի հիմնարար սկզբունքները: Ներկայիս անկայուն տնտեսական իրողութիւններում, որեւէ մէկի մօտ կասկած չի յարուցում բարձր մակարդակում պարբերաբար երկխօսութեան պահանջարկը եւ արդիականութիւնը` աւելի համակարգուած փոխգործակցութեան համար: Շահերի փոխըմբռնումը, փոխզիջման եւ համագործակցութեան պատրաստակամութիւնը կարող է լինել շատ հարցերի լուծման բանալին: Այս ծիրին մէջ բառիս բուն իմաստով կը նշեմ ԵԱՏՄ շրջանակներում ամէնօրեայ աշխատանքը` բոլոր մակարդակներում ծագող խնդիրներին արձագանգելու եւ համակարգուած միջոցնէեր մշակելու առումով», ըսաւ Փաշինեան:

Երեւանի մէջ Հոկտեմբեր 20-ին մեկնարկած է  Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի նիստի նեղ կազմով հանդիպումը:

ԵԱՏՄ Միջկառավարական Խորհուրդի նիստին մասնակցելու համար Հայաստան ժամանած են Ռուսիոյ Դաշնութեան վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինը, Պելառուսիոյ վարչապետ Ռոման Կոլովչենքօն, Ղազախստանի վարչապետ Ալիխան Սմաիլովը,  Ղրղզստանի վարչապետ Աքիլբեկ Ժափարովը եւ Եւրասիական Տնտեսական Յանձնաժողովի նախագահ Միխայիլ Մեասնիքովիչը:

Նեղ եւ ընդլայնուած կազմերով նիստերուն պիտի քննարկուին եւրասիական տարածքին մէջ համարկման գործընթացներիու զարգացման վերաբերող օրակարգային հարցեր:

Յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձուի թուային օրակարգին, մասնաւորապէս, Միութեան տեղեկատուական համակարգի զարգացման եւ կատարելագործման հեռանկարներուն, ապրանքներու ելեկտրոնային առեւտուրի կառավարման միասնական վերլուծական համակարգի մշակման:

Պիտի քննարկուի կազի ընդհանուր շուկայի, ինչպէս նաեւ նաւթի եւ նաւթամթերքներու շուկաներու ձեւաւորման վերաբերեալ համաձայնագրերու պատրաստման ընթացքը: Կը նախատեսուի Եւրասիական տնտեսական համարկման հետագայ զարգացումը նախատեսող որոշումներու ստորագրում:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment