Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Ատրպէյճանը Մեղադրած Է Հայաստանի Վրայ Նոր Յարձակման Պատրուակ Ստեղծելու Համար

Փաշինեան Ատրպէյճանը Մեղադրած Է Հայաստանի Վրայ Նոր Յարձակման Պատրուակ Ստեղծելու Համար

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան թուիթերեան գրառմամբ Ատրպէյճանը մեղադրած է Հայաստանի վրայ նոր յարձակման պատրուակ ստեղծելու համար:

«Ատրպէյճանը շարունակաբար Հայաստանին է վերագրում զինադադարի իր իսկ խախտումները: Ակնյայտ է, որ սա Հայաստանի դէմ նոր ռազմական յարձակումի պատրուակի ստեղծում է», գրած է Փաշինեան եզրակացնելով, «զինադադարը պահպանելու եւ սահմանների անվտանգութիւնն ապահովելու համար անհրաժեշտ է մշտական միջազգային մեխանիզմ»:

Վերջին օրերուն Երեւանն ու Պաքուն գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ միմեանց կը մեղադրեն դիրքերը գնդակոծելու համար: Նոյն իրավիճակն էր նաեւ սեպտեմբերեան բախումներէն առաջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment