Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Հայ Ռազմագերիներու Սպանութիւնը Պատերազմական Յանցագործութիւն Է․ Human Rights Watch

Հայ Ռազմագերիներու Սպանութիւնը Պատերազմական Յանցագործութիւն Է․ Human Rights Watch

by MassisPost

Ատրպէյճանական ուժերու կողմէ հայ ռազմագերիներու մահապատիժը 2022 թուականի Սեպտեմբերին պատերազմական յանցագործութիւն է, որուն համար պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուիլ, յայտարարած է Human Rights Watch կազմակերպութիւնը: Human Rights Watch-ը վերլուծած է Հոկտեմբերի սկիզբը ընկերային ցանցերուն մէջ հրապարակուած տեսանիւթը, ուր կ’երեւի առնուազն եօթը հայ ռազմագերիներու արտադատական ​​մահապատիժը ատրպէյճանական ուժերու կողմէ:

«Յանձնուած զինուորներու սպանութիւնը սարսափելի պատերազմական յանցագործութիւն է», կ’ըսէ Human Rights Watch-ի Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տնօրէն Հիւ Ուիլիըմսընը: «Այս զինուորները գերի ինկած եւ վայր դրած են զէնքերը», նշած է Ուիլիըմսընը, – զանոնք գերեվարողները պարտաւոր էին անոնց հետ մարդասիրականօրէն վերաբերիլ, փոխարէնը, ակնյայտօրէն ատրպէյճանական ուժերը սառնասրտօրէն գնդակահարած են զանոնք: Անոնք պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment