Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ատրպէյճանի Դէմ Պատժամիջոցներ Պահանջող Նախագիծ Ֆրանսայի Ծերակոյտին Մէջ

Ատրպէյճանի Դէմ Պատժամիջոցներ Պահանջող Նախագիծ Ֆրանսայի Ծերակոյտին Մէջ

by MassisPost

Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ կ’առաջարկուի ընդունիլ վերջին յարձակումներու առնչութեամբ Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ եւ Հայաստանի տարածքէն ատրպէյճանական զօրքերու դուրսբերում, հայ ռազմագերիներու անյապաղ ու առանց նախապայմաններու հայրենադարձում պահանջող բանաձեւ:

Բանաձեւի նախագիծին մէջ, որ հրապարակուած է ֆրանսական խորհրդարանի Վերին Պալատի պաշտօնական կայքէջին մէջ, վճռականօրէն կը դատապարտուի ատրպէյճանական յարձակումը այս տարուան Օգոստոսի սկիզբը Հայաստանը եւ Լեռնային Ղարաբաղը կապող Լաչինի միջանցքին մէջ ու Սեպտեմբեր 13-14-ին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի հարաւային եւ հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ:

Ծերակոյտը նախագիծը ընդունուելու պարագային ֆրանսական կառավարութենէն պիտի պահանջէ հետամուտ ըլլալ, որպէսզի ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը, ուր արտակարգ նիստի ժամանակ միջազգային հանրութիւնը դատապարտած է ատրպէյճանական յարձակումը, դիմիէ միջազգային Քրէական Դատարան «Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին մէջ Ատրպէյճանի յարձակման հարցով, այդ շարքին` հետաքննելու զանգուածային եւ պատերազմական յանցագործութիւնները»:

Նախագիծը կառավարութեան կոչ կ’ընէ եւրոպական գործընկերներուն հետ դիտարկել աւելի վճռական պատշաճ պատասխաններ ատրպէյճանական նոր յարձակումներուն, այդ շարքին` ատրպէյճանական ղեկավարներու գոյքի բռնագրաւում եւ նաւարգելում Ատրպէյճանէն կազի ու քարիւղի արտահանման վրայ:

Ծերակոյտի բանաձեւին նախագիծը ֆրանսական կառավարութեան կը յորդորէ «բոլոր միջոցներով ցոյց տալ Ֆրանսայի սատարումը Հայաստանին` դիտարկելով մասնաւորապէս Հայաստանի պաշտպանունակութեան ուժեղացումը», եւ «անմիջապէս ձեռնարկել բոլոր միջոցները` ապահովելու հայ եւ Հայաստանի բնակչութիւններու անվտանգութիւնը միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ»:

Նախագիծով վերահաստատուած է նաեւ «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը», որուն մասին ֆրանսական խորհրդարանի երկու պալատները բանաձեւեր ընդունած էին դեռ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմին զինադադարի հաստատումէն շատ չանցած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment