Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մոսկուայէն Երեւան Օդանաւի Տոմսերը Սպառած Են` Ռուսիոյ Մէջ Մասնակի Զօրահաւաք Յայտարարուելէ Յետոյ

Մոսկուայէն Երեւան Օդանաւի Տոմսերը Սպառած Են` Ռուսիոյ Մէջ Մասնակի Զօրահաւաք Յայտարարուելէ Յետոյ

by MassisPost

Մոսկուայէն Երեւան, Սթամպուլ, Պաքու եւ մօտակայ երկիրներու այլ քաղաքներ թռիչքներու օդանաւի տոմսերը սպառած են Ռուսիոյ մէջ մասնակի զօրահաւաք յայտարարուելէ յետոյ:

Aviasales ծառայութեան տուեալներով` Մոսկուայէն Սթամպուլ ուղիղ թռիչքի տոմս այժմ կարելի է գնել Սեպտեմբեր 23-էն ոչ շուտ, այն արժէ 76 հազար ռուպլի: Մոսկուայէն Երեւան տոմսերը հասանելի են միայն Սեպտեմբեր 24-ին (62 հազար ռուպլի):

Մոսկուայէն Պաքու ուղիղ թռիչքի տոմս «Aeroflot»-էն կարելի է գնել եւս Սեպտեմբեր 23-էն ոչ-շուտ` 74,5 հազար ռուպլիով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment