Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հռոմի Պապը Ատրպէյճանին Ու Հայաստանին Երկխօսութեան Ու Խաղաղութեան Կոչ Ըրած Է

Հռոմի Պապը Ատրպէյճանին Ու Հայաստանին Երկխօսութեան Ու Խաղաղութեան Կոչ Ըրած Է

by MassisPost

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը կիրակնօրեայ իր ուղերձին ընթացքին աղօթած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տեղի ունեցած մարտերու զոհերուն համար` երկխօսութեան եւ խաղաղութեան կոչ ընելով:

Ան նաեւ խնդրած է բոլորին շարունակել աղօթել Ուքրանիոյ եւ աշխարհի բոլոր մասերուն համար, որոնք պատերազմի մէջ են:

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը իր հոգեւոր մտերմութիւնը յայտնած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վերջին կռիւներուն հետեւանքով զոհերու ընտանիքներուն: Ան կոչ ըրած է երկու կողմերուն յարգելու հրադադարը:

Հռոմի պապը խօսած է Սուրբ Պետրոսի տաճարին մօտ հաւաքուած ուխտաւորներուն հետ` ընդգծելով, որ խաղաղութիւնը հնարաւոր է, երբ զէնքերը լռեցուին եւ սկսի երկխօսութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment