Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նենսի Փելոսին Ժամանեց Երեւան

Նենսի Փելոսին Ժամանեց Երեւան

by MassisPost

Պաշտօնական այցով Երեւան  ժամանց Միացեալ Նահանգներու  Ներկայացուցիչներու Տան խօսնակ Նենսի Փելոսին: Փելոսիին   կ’ընկերակցին Գոնկրէսի Հայկական Յաձնաժողովի ղեկավար  Ֆրանք Փալոնը, Ներկայացուցիչներու Տան հայ անդամներ` Աննա Էշուն եւ Ջեքի Սփիրը:

Հիւրերը «Զուարթնոց» օդանաւակայանին մէջ դիմաւորուեցան ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանի կողմէ, որմէ ետք առանձնազրոյց տեղի ունեցաւ Նենսի Փելոսիի եւ Սիմոնեանի միջեւ:

Ամերիկացի բարձրաստիճան հիւրերու երկօրեայ այցի օրակարգը յագեցած է: Նախատեսուած են պաշտօնական հանդիպումներ, որոնց շարքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:

Հիւրերու օրակարգին վրայ է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցը:

Նախատեսուած է հանդիպում լրատուամիջոցներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment