Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ձեր «Վստահելի Գործընկեր» Ալիեւը Յարձակած Է Ժողովրդավարական Հայաստանի Վրայ. ԵԽ Պատգամաւորը Կշտամբած Է Եւրոյանձնաժողովի Նախագահը

Ձեր «Վստահելի Գործընկեր» Ալիեւը Յարձակած Է Ժողովրդավարական Հայաստանի Վրայ. ԵԽ Պատգամաւորը Կշտամբած Է Եւրոյանձնաժողովի Նախագահը

by MassisPost

Եւրոպական խորհրդարանի գերմանացի պատգամաւոր Մարթին Զոննեպորնը քննադատած է Եւրոմիութիւնը, կշտամբած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա վոն տեր Լեյենը` Հայաստանի վրայ յարձակած Ատրպէյճանի ղեկավար Ալիեւի հետ համագործակցութեան համար:

Պատգամաւորը, խօսքը ուղղելով Ուրսուլա վոն տեր Լեյենին, մասնաւորապէս ըսաւ` չի գիտեր, թէ ինչ ըսէ Եւրոմիութեան վիճակին մասին, իրենց պոկելով կազի մէկ մատակարարէ` Փութինէն, հիմա ան գտած է մէկը` Ալիեւը, որ դաժան պատերազմ կը վարէ:

«Եթէ նոյնիսկ գերմանական լրատուամիջոցները լուռ են, «նաւթային բռնապետութիւնը», որ դուք բնութագրած էք «վստահելի գործընկեր», յարձակած է ժողովրդավարական Հայաստանի վրայ: Վերջ ի վերջոյ, մեր նոր լաւագոյն ընկեր Ատրպէյճանը Ռուսիայէն ալ հեռու է` ժողովրդավարութեան, մամուլի եւ քաղաքացիական ազատութեան առումով: Ալիեւը առաջին տեղն է միայն, երբ խօսքը կը վերաբերի Քրիստոնէադեմոկրատական միութեան փտած գործիչները կաշառելուն: Եւ, երբ դուք այստեղ սկսաք ձեր ծառայութիւնը, ես պարզապէս կը կարծէի, որ դուք անատակ էք եւ քիչ մը յանցագործ, մինչդեռ պարզուեցաւ, որ դուք նաեւ  տպաւորիչ կերպով զուրկ էք բարոյականութենէն», շեշտեց Զոննեպորնը:

Ան յաւելեց, որ չի գիտերր, թէ այլեւս ինչ ըսէ Եւրոմիութեան վիճակին մասին: «Միայն մէկ բան` պէտք չէ թողենք Եւրոպան «լեյեններուն», եզրափակեց գերմանացի պատգամաւորը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment