Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Տուժած Քաղաքացիներուն Աջակցութեան Ուղղուած Աշխատանքները, Համայնքներուն Կրած Վնասները

Տուժած Քաղաքացիներուն Աջակցութեան Ուղղուած Աշխատանքները, Համայնքներուն Կրած Վնասները

by MassisPost

Հայաստանի դէմ Պաքուի սանձազերծած ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով, նախնական տուեալներով, Գեղարքունիքի, Սիւնիքի, Վայոց ձորի մարզերուն մէջ վնասուած է 192 բնակելի տուն: ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարի տեղակալ Վաչէ Տէրտէրեան տեղեկացուց, որ անոնցմէ 60-ը ամբողջութեամբ վնասուած է:

Վնասուել են բնակելի տներ, օժանդակ կառոյցներ, անասնապահական շինութիւններ, գիւղատնտեսական նշանակութեան գոյք, վարչական շէնքեր, հիւրատներ եւ այլն: Վնասուել են նաեւ ինքնաշարժներ, այդ թւում, շտապօգնութեան ծառայութեան: Որոշ տեղերում ունեցել ենք հոսանքազրկումներ, որոնք շատ արագ վերականգնուել են: Այս պահին ելեկտրականութեան հետ կապուած խնդիր ունենք Ներքին Շորժայի հատուածում: Հասկանալի պատճառով ելեկտրականութեան, կապի մատակարարումը այդ հատուածում դեռ չի վերականգնուել, սակայն առաջին իսկ հնարաւորութեան դէպքում կը վերականգնուի», ըսաւ Վաչէ Տէրտէրեան:

Այլ կարգի ենթակառուցուածքային խնդիրներ` ճանապարհներու փլուզում, ջրամատակարարման խափանումներ, չկան: Կան տարբեր խնդիրներ, որոնք ընթացքին շատ արագ կը կարգաւորուին: Վաչէ Տէրտէրեան նշեց, որ երեք մարզերուն մէջ ալ ղեկավարութիւնը կը հետեւի իրավիճակին, կը համակարգեն աշխատանքները շուրջօրեայ կարգով: Որոշակի հնարաւորութեան պարագային ամբողջական գոյքագրումը պիտի իրականացուի շատ արագ:

«Կը ստեղծուեն մասնագիտական յանձնախմբեր, որոնք տեղում աւելի մանրակրկիտ կը հաշուառեն վնասները: Մեր քաղաքացիներն այդ առումով կարող են հանգիստ լինել: Եթէ նոյնիսկ որեւէ բան բաց է մնացել, ապա համայնքների աշխատակազմերի միջոցով պատշաճ կարուի այդ աշխատանքը», ըսաւ Վաչէ Տէրտէրեանը:

Ան վստահեցուց, որ ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով տուժած իւրաքանչիւր քաղաքացի պիտի ըլլայ կառավարութեան ուշադրութեան կեդրոնին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment