Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ն Զգալի Ապացոյցներ Տեսած Է, Որ Ատրպէյճանը Կը Հրետակոծէ ՀՀ Տարածքը Եւ Կը Վնասէ Ենթակառուցուածքները. Պետական Քարտուղարութիւն

ԱՄՆ-ն Զգալի Ապացոյցներ Տեսած Է, Որ Ատրպէյճանը Կը Հրետակոծէ ՀՀ Տարածքը Եւ Կը Վնասէ Ենթակառուցուածքները. Պետական Քարտուղարութիւն

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները տեսած է բաւական ապացոյցներ այն փաստի, որ Ատրպէյճանը կը հրետակոծէ Հայաստանի տարածքը:

Այս մասին լրագրողներուն հետ ամէնօրեայ ճեպազրոյցին ընթացքին ըսաւ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայսը:

«Ինչպէս արդէն ըսինք` պետական քարտուղար Պլինքընի յայտարարութեան մէջ ան կոչ ըրած էր Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւին անյապաղ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները, դադրեցնելու ռազմական ուժերու ներգրաւումը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կարեւոր հարցերու կարգաւորման գործին մէջ… Մենք զգալի ապացոյցներ տեսած ենք, որ Ատրպէյճանը կը հրետակոծէ Հայաստանի տարածքը եւ զգալի վնաս կը հասցնէ Հայաստանի ենթակառուցուածքներուն: Սակայն ամենակարեւորը մեզի համար այն է, որ երկու կողմերն ալ յանձնառու ըլլան ռազմական գործողութիւններու դադրեցման եւ աւելի լայն մագլցման», նշեց Փրայս:

Պատասխանելով հարցումին, թէ ԱՄՆ-ն ինչպէս կը վերաբերի այն փաստին, որ Հայաստանը դիմած է ՀԱՊԿ-ին` միջամտելու հակամարտութեան` Պետական Քարտուղարութեապն խօսնակը յայտարարեց. «Մենք կոչ ըրած ենք տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն` օգտագործել իրենց ազդեցութիւնը եւ կառուցողական քայլերու ձեռնարկել` հասնելու ռազմական գործողութիւններու դադարեցման ու ապամագլցողականութեան: Ի հարկէ, դժուար է պատկերացնել, թէ ինչպէս հակամարտութեան մէկ կողմէ օտար ուժերու ներգրաւումը կրնայ ծառայել այդ նպատակին, բայց կրկին պէտք է նշեմ, որ մեր շեշտը բռնութիւններուն վերջ դնելու վրայ է»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment